Ռուսաստան կրնայ փակել Ազերպայճանի հետ օդային հաղորդակցութիւնը` Ստեփանակերտ քաղաքի անունին հետ կապուած վէճին պատճառով

RTVI հեռատեսիլին հետ ասուլիսին, Պետական Դումայի ԱՊՀ-ի հարցերու յանձնախումբի փոխնախագահ Կոնստանդին Զատուլին՝ մեկնաբանելով ազերպայճանական լրասփիւռներուն արձագանգը ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յօդուածին մէջ «Ստեփանակերտ» անունին օգտագործման պարագան, յայտարարած է, թէ Ռուսաստան կրնայ հրաժարիլ Ազերպայճանէն օդանաւեր եւ գնացքներ ընդունելէ, եթէ ռուսական քաղաքները անուանափոխելու գայթակղութիւնը լայն տարածում գտնէ Ազերպայճանի մէջ։

“Ինչ կը վերաբերի ռուսական քաղաքներու վերանուանումին, որ Ազերպայճանի մէջ որոշած են իրականացնել իբրեւ վրէժ, ես անոնց յաջողութիւն կը մաղթեմ։ Բայց խնդիրն այն է, որ այս կացութեան մէջ մենք դժուար թէ կարողանանք Ազերպայճանէն գնացքներ եւ օդանաւեր ընդունիլ, եթէ այնտեղ նպատակակէտը գրուած ըլլայ այնպէս, ինչպէս անոնք այժմ որոշած են”,– զգուշացուցած է Զատուլին։

Ան յոյս յայտնած է, որ Ռուսաստան՝ իբրեւ այսօրուան Ազերպայճանէն աւելի հին պատմական արմատներ ունեցող պետութիւն եւ աւելի հասուն հասարակութիւն, յիմարութիւն պիտի չընէ եւ փոխադարձ գործողութիւններով պիտի չարձագանգէ ազերպայճանական լրասփիւռներուն մէջ ռուսական քաղաքներու անուանափոխութեան։

Ռուս դիւանագէտը նշած է, թէ Ստեփանակերտը միշտ ալ եղած է Ստեփանակերտ եւ քաղաքին վերանուանումը «Խանքենտի» պատճառ չէ քննադատելու՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքին Ազերպայճանի բարբարոսական գործողութիւններու մասին ռուսական լրասփիւռներու հաղորդագրութիւնները։

“Խորհրդային օրերուն քաղաքին անունը Ստեփանակերտ էր 20-ական, 30-ական, 40-ական, 50-ական, 70-ական թուականներուն, մինչեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումը։ Քաղաքին անունը Ստեփանակերտ էր՝ որպէս Ազերպայճանի Հանրապետութեան, Ազերպայճանական ԽՍՀ-ի մէկ մասը, որու տարածքային ամբողջականութեան այժմ կը յաւակնի  ժամանակակից Ազերպայճանը”,– ընդգծած է երեսփոխանը։

Խմբագրական