Ազերպայճանցի երեսփոխան Հասանկիւլիեւ յայտարարած է, թէ «Մե՛նք ենք մեր սարերը» (Տատիկ-պապիկ) յուշակոթողը, ինչպէս նաեւ 1988-էն ի վեր Արցախի մէջ կառուցուած բոլոր յուշարձանները պէտք է քանդուին։
“Խանքենտիի (Ստեփանակերտ) մէջ 1967-ին կառուցուած եւ հայ ազգայնականներու ու հայկական անջատողականութեան խորհրդանիշ դարձած «Մե՛նք ենք մեր սարերը» կոչուող յուշակոթողը պէտք է քանդուի եւ այդ վայրին մէջ պէտք է տեղադրուի ազերպայճանցի զինուորին ի պատիւ շքեղ յուշարձան մը։
Ընդհանուր առմամբ, 1988-էն ի վեր հայ անջատողականներու կողմէ կառուցուած որեւէ յուշարձան պէտք է քանդուի։ Որովհետեւ նման յուշարձանները իրականութեան մէջ կ՚արիւնեն տարիներու ընթացքին անոնց պատճառած վէրքերը եւ կը յիշեցնեն մեզի պատերազմի ցաւի մասին։
Խանքենտին պէտք է յայտարարուի գոնէ երկրի երկրորդ մայրաքաղաքը, այնտեղ պէտք է կառուցուի Ազերպայճանի Հանրապետութեան նախագահի ժամանակակից գրասենեակը, իսկ պետութեան ղեկավարը պէտք է ամռան ամիսներուն այնտեղ ընդունի իր հիւրերը։ Կառավարութիւնը պէտք է մտածէ այս մասին”,– յայտարարած է «Արդարութիւն, Իրաւունք, Ժողովրդավարութիւն» կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Հասանկիւլիեւ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։