ԵՐԵՒԱՆ – Ճենիֆեր Լոփէզի մենահամերգը 30.000 հոգիի ներկայութեան

Օգոստոս 3-ին, Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած է քանի մը օրէ ի վեր Հայաստանի քաղաքական- ընկերային կեանքը ալեկոծած, այնքան մելան հոսեցուցած միջազգային փոփ աստղ Ճենիֆեր Լոփէզի մենահամերգը։

Երգչուհին երեւանցի հանդիսատեսին ներկայացուցած է հին ու սիրուած հիթերը, ինչպէս նաեւ իր վերջին ալպոմին նոր երգերը՝ պարային կատարումներով եւ յատուկ լուսաձայնային խաղերու ուղեկցութեամբ։

Ընդհանուր առմամբ՝ դաշտին վրայ ներկայ եղած է շուրջ 30 հազար հոգի, որոնց կէսէն աւելին՝ օտար երկրացիներ։

Համերգը կազմակերպուած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան աջակցութեամբ՝ «Դոփինկ Սփէյս» ընկերութեան կողմէ։ Կազմակերպիչները անվճար տոմսեր յատկացուցած են հաշմանդամներուն՝ ապահովելով անոնց մասնակցութիւնը այս բացառիկ համերգին։

«Ճենիֆեր Լոփէզի մենահամերգը Հայաստանի մէջ աւելի քան պարզ երաժշտական իրադարձութիւն մըն էր, որ կարելի դարձուց ներկայացնել Հայաստանը իբրեւ ժամանակակից մշակութային կեանքի աշխուժ հարթակ։

Միջոցառումը ամբողջովին համահունչ էր հայ մշակոյթի զարգացման 2023–2027 ռազմավարութեան առանցքային նպատակներուն՝ նպաստելու երկրի միջազգային ճանաչելիութեան բարձրացումին, Հայաստանի՝ որպէս համաշխարհային քաղաքակրթական արժէքներ ստեղծող ու կրող երկրի դիրքի ամրապնդումին։

Այս համածիրին մէջ երգչուհիին մենահամերգը կարեւոր խթան էր նաեւ մշակութային զբօսաշրջութեան զարգացման համար՝ ցոյց տալով, որ Հայաստան պատրաստ է ընդունելու աշխարհի մեծագոյն աստղերը»,– յատկապէս ընդգծուած է ԿԳՄՄ նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Մենահամերգը կայացած է «UP ALL NIGHT» համաշխարհային շրջագայութեան շրջանակին մէջ։

Խմբագրական