Ալի Աքպար Վելայաթի. «Ռուսաստանի հետ կամ առանց անոր Իրան պիտի խոչընդոտէ Կովկասի մէջ ԱՄՆ-ու միջանցքը»

«Թասնիմ» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին՝ Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդի միջազգային հարցերու խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթի, անդրադառնալով ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը 99 տարի վարձելու յայտարարութեան՝ ըսած է, թէ «Հարաւային Կովկասը աշխարհի ամէնէն զգայուն աշխարհագրական տարածքներէն մէկն է եւ այդ միջանցքը ոչ թէ Թրամփի սեփականութիւնը պիտի դառնայ, այլ պիտի վերածուի գերեզմանի՝ Թրամփի վարձկաններուն համար»։
Վելայաթի աւելցուցած է, թէ Իրան միշտ ալ դէմ եղած է այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ստեղծման, քանի որ այդ միջանցքը կը փոխէ տարածաշրջանի աշխարհագրական դիրքը, անոր սահմանները եւ նպատակ ունի մասնատելու Հայաստանը։

“Ռուսաստանի հետ կամ առանց անոր Իրան պիտի խոչընդոտէ Կովկասի մէջ ԱՄՆ-ու միջանցքը”,– ընդգծած է ան։

Խմբագրական