Քանի մը կէտ՝ Սպիտակ տան մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսէն

 – “Անոնք պիտի կարենան իսկապէս ապրիլ ու աշխատիլ միասին, ինչ որ հիանալի է”,–  ըսած է Թրամփ եւ աւելցուցած, որ Հայաստան նաեւ կը հաստատէ բացառիկ համագործակցութիւն Միացեալ Նահանգներու հետ` զարգացնելու այդ ուղին («Թրամփի ուղի»-ն — «ՆՅ»), որու կարգավիճակը կրնայ երկարաձգուիլ մինչեւ 99 տարի: “Եւ անոնք կը խոստանան, որ 99 տարի ետք պիտի երկարաձգեն պայմանաժամը, այնպէս չէ՞”, հարցուցած է Թրամփ՝ դիմելով հայկական պատուիրակութեան:

***

«Էսոշիէյթըտ Փրէս» վկայակոչելով Սպիտակ տան բարձրաստիճան պաշտօնատար մը՝ յայտնած է, որ իրականութեան մէջ հայերը առաջարկած են «Թրամփի ուղի՝ միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար» անունը։

***

Արցախի բնակչութեան վերադարձի մասին լրագրողի մը հարցումին ո՛չ Փաշինեան պատասխանած է, ո՛չ ալ Ալիեւ, իսկ Թրամփ ըսած է. «Աւելի լաւ է կեդրոնանանք այսօրուան նիւթին վրայ»։

***

ՔԱՆԻ ՄԸ ՏՈՂՈՎ

– Ուքրաինայի նախագահ Վոլոդիմիր Զելենսքի՝ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնային զրոյցին շնորհաւորած է իր խօսակիցը եւ Ազերպայճանի ժողովուրդը՝ Հայաստանի հետ գոյացած համաձայնութեան կապակցութեամբ, որ տեղի ունեցաւ նախագահ Թրամփի միջնորդութեամբ։

– Օգոստոս 10-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կիրակնօրեայ աղօթքի աւարտին, Հռոմի պապ Լեւոն ԺԴ. ողջունած է Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ կնքուած հռչակագիրը, յոյս յայտնելով, որ ան պիտի նպաստէ տարածաշրջանի խաղաղութեան։

– Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու եւս շնորհաւորած է ԱՄՆ-ու, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարները՝ ուաշինկթընեան հռչակագրին ստորագրման առիթով, մաղթելով հաշտութեան եւ բարգաւաճման նոր դարաշրջան մը։

Խմբագրական