Ազերպայճանի նախագահի յատուկ առաքելութեանց ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպայով NE Global-ին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է, թէ Ուաշինկթընի մէջ եռակողմ հռչակագրին կնքումը հաստատած է Պաքուի հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին։
“Բայց որպէսզի Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը ի վերջոյ ստորագրուի եւ վաւերացուի Պաքու կ՚ակնկալէ, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կը կատարուին՝ Ազերպայճանի հանդէպ տակաւին առկայ տարածքային պահանջները վերացնելու համար”,– ըսած է ան։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։