Օգոստոս 10-ին, Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Անիթա Անանտ, հայ-ազերպայճանական՝ ուաշինկթընեան համաձայնութիւններուն առնչութեամբ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր ի միջի այլոց մատնանշած է հետեւեալը.
«Դիւանագիտական բանակցութիւններու միջոցով գոյացած այսպիսի համաձայնութիւնները ճամբայ կը հարթեն Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ համապարփակ խաղաղութեան համար, որ կ՚օգնէ լուծելու մնացեալ խնդիրները, ինչպէս՝ բոլոր հայ ռազմագերիներու եւ ձերբակալուածներու ազատ արձակումը, հայ քաղաքացիներու անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքի ապահովումը, ինչպէս նաեւ մշակութային ժառանգութեան պահպանումը։
Գանատա նկատի կ՚առնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը լուծելու՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի կոչը եւ ապագային պատրաստ է աջակցելու որեւէ գործիքակազմի, որ կ՚ապահովէ ուժ չկիրարկելու սկզբունքը, տարածքային ամբողջականութեան յարգումը եւ ինքնորոշման իրաւունքը”։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։