Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատուոյ դոկտ. Ներսէս աւագ քահանայ Ներսիսեան նոր նուիրատւութիւն մը ըրած է «Մեսրոպ Մաշտոց» Մատենադարանին։
Լոնտոնաբնակ հայագէտը իր որդւոյն՝ Տիրան Ներսիսեանի միջոցով, Մատենադարանին յանձնած է 1861-ին Պաղտատի մէջ գրուած «Յիշատակարան սերնդոց Տէր Գաբրիէլի Երեւանցւոյ» ձեռագիրն ու յարակից արժէքաւոր վաւերագրերը, որոնք հարուստ տեղեկութիւններ կը հաղորդեն Իրաքի հայ համայնքի պատմութեան մասին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։