Օգոստոս 22-ին, հիմնարկէքը կատարուած է Թուրքիոյ արեւելեան շրջանին մէջ երկաթուղիի մը, որ կը կազմէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին,– ինչպէս դեռ զայն կ՚անուանեն առնուազն Թուրքիոյ մէջ,– կարեւոր մասը՝ ռազմավարական ճամբայ մը, որ նպատակ ունի վերակազմակերպել կապը Հարաւային Կովկասի մէջ:
224 քիլոմեթր Կարս-Իգդիր-Արալըք-Տիլուճու երկաթուղին կը ներկայացուի իբրեւ «Միջանցք»-ին մէջ կարեւոր օղակ մը, որ կը կապէ Ազերպայճանը Նախիջեւանի հետ:
“Այս նախագիծը կարեւոր քայլերէն է Զանգեզուրի միջանցքին իրագործման ուղղութեամբ: Սա ոչ միայն կարեւոր է Թուրքիոյ, այլեւ ամբողջ Հարաւային Կովկասի եւ Եւրասիոյ ապագային համար”,– գոհունակութեամբ յայտարարած է Թուրքիոյ Փոխադրութեան եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու՝ արեւելեան Իգդիր նահանգին մէջ տեղի ունեցած հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին:
Ան նշած է, թէ 2,4 միլիառ եւրօ արտասահմանեան գանձատրում եղած է նախագծին համար, որ ըստ իրեն՝ Թուրքիոյ պիտի ապահովէ տարադրամի կարեւոր մուտք: “Ընդհանուր ներդրումը կը գնահատուի շուրջ 110 միլիառ լիրա” (շուրջ 2 միլիառ 278 միլիոն եւրօ), – ընդգծած է նախարարը՝ աւելցնելով, թէ «Միջանցք»-ը պիտի ամրապնդէ տնտեսական գործակցութիւնը Թուրքիոյ, Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ՝ միաժամանակ նպաստելով տարածաշրջանային կայունութեան:
Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ալ իր պատգամը յղած է յաջողութիւն մաղթելով նախաձեռնութեան:
Շինարարութիւնը աւարտելէ ետք (2029-ին), երկաթուղին կրնայ տարեկան 5,5 միլիոն ուղեւոր եւ 15 միլիոն թոն ապրանք փոխադրել:
Կակնկալուի, որ այս ճանապարհը պիտի ամրապնդէ տնտեսական համարկումը Հարաւային Կովկասի մէջ եւ դարձնէ Արեւելք-Արեւմուտք առանցքը,– Փեքինէն մինչեւ Լոնտոն,– աւելի արդիւնաւէտ, զգալիօրէն բարձրացնելով «Միջին միջանցք»-ի բեռներու փոխադրման կարողութիւնը երկաթուղիով եւ ցամաքային ճամբով:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։