ԱՄՆ-ու մէջ Խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրումը երկրորդական դիրք մղեց Պետութիւն-Եկեղեցի տագնապը հանրային ուշադրութեան նկատմամբ, սակայն նոյն միջոցին Գալստանեան ու Աջապահեան արքեպիսկոպոսներու ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռի բարերար, գործարար Սամուէլ Կարապետեանի դատավարութիւնները շարունակուեցան եւ նախնական կալանաւորումները երկարաձգուեցան։ Մայր Աթոռը սուր կերպով հակազդեց Աջապահեանի եւ Կարապետեանի դատավճիռներուն, սակայն ա՛ն ալ չարժանացաւ հանրային ուշադրութեան։
Բայց որքան 2026-ի ընտրութիւնները մօտենան՝ այնքան բաձրաստիճան եկեղեցականներու եւ Մայր Աթոռի բարերարին դատավարութիւնները հանրային ուշադրութեան պիտի արժանանան, ինչպէս նաեւ վարչապետին պահանջը նոր կաթողիկոսի մը ընտրութեան վերաբերեալ։
Մայր Աթոռը կը փորձէ ճգնաժամը ներկայացնել իբրեւ Պետութեան կողմէ ոտնձգութիւն՝ իրեն չվերաբերող հարցերու։ Ճիշդ է որ վարչապետը օգտագործեց դատավարութիւնը Եկեղեցւոյ երկու առաջնորդներուն,– որոնք պետական յեղաշրջման հանրային կոչեր ըրած էին,– պահանջելու համար հրաժարականը Կաթողիկոսին, որ կը ծառայէ նախկին նախագահներ Սարգսեանի եւ Քոչարեանի ճամբարներուն եւ ռուսամէտ ուժերու շահերուն։ Բնականաբար բարձրաստիճան եկեղեցականներու բարոյազուրկ վարքն ու անոնց կողմէ կուսակրօնութեան կանոնի խախտումը վարչապետ Փաշինեանի պահանջին արդար հիմք կու տան եւ միաժամանակ կը թուլացնեն Կաթողիկոսին դիրքը հայ հասարակութեան մէջ։
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դիմագրաւած ճգնաժամը բազմակողմանի է, որուն դիմաց Մայր Աթոռը որդեգրած է զոհի դերը խաղացողի ռազմավարութիւն, կառավարութեան խաղաղարար քաղաքականութիւնն ու իր առաջնորդներուն դէմ հալածանքը դատապարտելու մարտավարութիւն։ Այս առումով, Վեհափառին տարածած հաղորդագրութիւնը արդէն կը նախանշէ քաղաքական սուր պայքարի մեկնարկը։
«Գերաշնորհ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի եւ ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանի կալանքի ժամանակը երկարաձգելու որոշումներով դատարանը հերթական անգամ ոտնահարեց արդարադատութիւնը՝ կրկին պարզորոշ դարձնելով իշխող քաղաքական ուժից դատարանների լիակատար կախեալ լինելը։
Նման անհիմն որոշումներով արդարադատութիւնը ձեռք է բերում պատժիչ նշանակութիւն, իսկ դատարանները վերածւում են ազատ խօսքի եւ կրօնի ազատութեան բռնաճնշման գործիքի։
Այսպիսի գործելաոճը բնորոշ է ամբողջատիրական համակարգերին եւ աղերս չունի իշխանութիւնների կողմից տարփողուող ժողովրդավարական արժէքների հետ»։
Ափսո՜ս որ 1998-էն 2018 ընտրակեղծիքներով կատարուած Հայաստանի նախագահական ընտրութիւնները նման գնահատականի չարժանացան հոգեւոր դասուն կողմէ։
Վեհափառին պէտք է յիշեցնել նաեւ Ռուսաստանի նախագահէն ստացած «Պատուոյ շքանշանը» 2023 Յունուարին իր «մեծ ներդրումին համար Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ մշակութային-մարդասիրական կապերու զարգացման մէջ»։ Բնա՛ւ հակազդեցութեան չարժանացաւ «ժողովրդավար» Ռուսաստանի նախագահէն ստացուած այս պարգեւատրումը, մա՛նաւանդ այնպիսի պահու մը երբ Արցախը շրջապատուած էր ազերիներու կողմէ՝ ռուսական զօրքերու անգործութեան, չըսելու համար ազերիներու հետ գործակցութեան պատճառով, որ 9 ամիս ետք պիտի առաջնորդէր Արցախի ցեղային մաքրագործման ու անոր ղեկավարութեան ձերբակալման։
Իսկ ինչ կը վերաբերի պնդումին, թէ «դատարանները վերածւում են ազատ խօսքի եւ կրօնի ազատութեան բռնաճնշման գործիքի», Մայր Աթոռի հաղորդագրութիւնը որ ազատօրէն հրապարակուած է, կը փաստէ ճիշդ հակառակը, թէ կարելի է դատարաններու վճիռը քննադատել։ Իսկ կրօնի ազատութեան բռնաճնշումի մասին պէտք է հարցնել Հայաստան հաստատուած աղանդներուն, որոնք հակառակ Սահմանադրութեամբ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տրուած առանձնաշնորհեալ կարգավիճակին, կը բարգաւաճին ու կը զարգանան աւելի ու աւելի, ներգրաւելով լայն զանգուածներ։
Որքան որ եկեղեցականներու դէմ վարչապետին գրառումներուն ոճը երբեմն անպատշաճ է երկրի ղեկավարին, նոյնքան ալ Մայր Աթոռի տարածած յայտարարութեան բովանդակութիւնը անվայել է հոգեւոր իշխանութեան, որ կ՚ընդդիմանայ Պետութեան, ժողովըրդավարօրէն ընտրուած կառավարութեան եւ նաեւ դատական իշխանութեան, մինչ Եկեղեցին պէտք է գործէ ի նպաստ անոնց ամրապնդման, իր ժողովուրդի փրկութեան ու բարօրութեան։
Ժ.Չ. ■
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։