Հայաստան եւ Փաքիստան կը հաստատեն դիւանագիտական յարաբերութիւններ

Հայաստանի եւ Փաքիստանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարներ Արարատ Միրզոյեան եւ Մոհամմատ Իսհաք Տար Չինաստանի մէջ ստորագրած են երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու շուրջ հաղորդագրութիւն մը։

Ստորագրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է Թիանճին քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի շրջանակին մէջ։

Հայաստանի ԱԳ նախարարութեան այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ երկու երկիրներու կառավարութիւնները կը ձգտին զարգացնել բարեկամական յարաբերութիւններ՝ կիրարկելով ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան՝ ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ յարգանքի, յարձակման բացառման, մէկզմէկու ներքին գործերուն չմիջամտելու, հաւասարութեան եւ խաղաղ գոյակցութեան սկզբունքները։

Կողմերը համաձայնած են փոխանակել ներկայացուցիչներ, որոնք պիտի աջակցին կեանքի կոչելու դիւանագիտական յարաբերութիւնները։