Փաշինեան. «Ալիեւի բառապաշարը մեր կողմէ չ՚ընկալուիր ուաշինկթընեան տրամաբանութեան մէջ» 

Սեպտեմբեր 1-ին, Շանկհայի վեհաժողովի ՇՀԿ+ ձեւաչափի հանդիպումին ունեցած իր ելոյթին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, թէ «Ազերպայճանի նախագահին օգտագործած բառապաշարը մեր կողմէ չ՚ընկալուիր համաձայնութեան արժանացած ուաշինկթընեան տրամաբանութեան մէջ»,– ըստ էութեան արձագանգելով Իլհամ Ալիեւի՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի վերաբերեալ նոյն օրը, նոյն հանդիպումին կատարած յայտարարութեան, թէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը շուտով կը դառնայ Միջին միջանցքի, ինչպէս նաեւ «Հիւսիս-Հարաւ» միջանցքի մէկ կարեւոր հատուածը: Հայաստանէն անցնող երթուղիի մասին խօսելու ատեն Ալիեւ նաեւ ըսած է, թէ «Զանգեզուրի միջանցքը նպաստաւոր պիտի ըլլայ Ազերպայճանի մօտիկ ու հեռաւոր դրացիներուն», առանց յիշատակելու Հայաստանի անունը։

“Միջին միջանցքը վստահելի եւ անվտանգ երթուղի մըն է, որ կը կապէ Չինաստանը, Կեդրոնական Ասիան եւ Եւրոպան։ 2022-էն ի վեր Ազերպայճանէն անցնող Միջին միջանցքով բեռնափոխադրումներու ծաւալը գրեթէ 90 տոկոս աճ արձանագրած է։ Վերջերս գոյացած համաձայնութիւնները՝ Ազերպայճանի հիմնական մասը Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան կապելու վերաբերող, կը նպաստեն միջազգային փոխադրութիւններու տարանցիկ կարելիութիւններու ընդլայնման”,– աւելցուցած է Ալիեւ։