Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մարսիլիա-Քարապաղ մրցումին ընդառաջ Ֆրանսա կը ձեռնարկէ ապահովութեան քայլերու

Փետրուար 17-ին, Մարսիլիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի Ligue Europa Conférence-ի մրցումներուն ի հաշիւ՝  Մարսիլիոյ Օլեմփիք եւ Ազէրպայճանի FC Qarabag ակումբներուն հանդիպումը։ 

Այս մրցումին ընդառաջ Ֆրանսա ապահովութեան քայլերու ձեռնարկած է։ Այս մասին յայտարարած է Ազէրպայճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Զաքարի Կրոս։

“Ապահովութեան բոլոր միջոցներուն ձեռնարկուած է, թէ՛ մարզադաշտ մուտքի, թէ՛ ալ հոնկէ ելքի համար”,– ազէրպայճանական լրասփիւռներուն համաձայն` յայտարարած է ֆրանսացի դեսպանը, աւելցնելով որ՝ կը կատարուի ամէն ինչ, որպէսզի մրցումը ընթանայ ապահով պայմաններու մէջ։

Նախապէս Ազէրպայճանի Ֆութպոլի դաշնակցութիւնը իր մտահոգութիւնը յայտնած էր ԻՒԷՖԱ-ին, հայաշատ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք խաղի ժամանակ «Ֆրանսահայերու կողմէ հաւանական գրգռութիւններ»-ու կապակցութեամբ։