«Արցախի կանչ» յուշակոթողին բացումը՝ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ

 

Ինչպէս հաղորդած էինք, Սեպտեմբեր 2-ին՝ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման օրը, «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ տեղի ունեցած է «Արցախի կանչ» յուշակոթողին բացման արարողութիւնը։

Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի ձեռամբ օրհնուած են յուշակոթողին խաչքարերը։

Յուշակոթողին ճարտարապետներն են Վլադիմիր եւ Միքայէլ Սարգսեան, քանդակագործն է Ռոբերտ Ասկարեան։ Վառելանիւթի պահեստի պայթումի զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող քանդակի հեղինակը Վարազդատ Համբարձումեանն է։

«Դժուար է ելոյթ ունենալ մի վայրում, որտեղ յուղարկաւորուած են անձեր, որոնք իրենց կեանքն են զոհաբերել, հերոսացել են, յանուն նրան, որ մենք ունենանք Հայաստանի Հանրապետութիւն, ունենանք Արցախի Հանրապետութիւն, որպէսզի մենք կարողանանք այսօր նշել Արցախի հռչակման օրը»,– արարողութեան ընթացքին յայտնած է Արցախի 5-րդ նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան:

Յուշահամալիրին կառուցումը գանձատրած է «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ, ԱԱԾ-ի նախկին տնօրէն, զօրավար Արթուր Վանեցեան՝ իր ընտանեկան միջոցներէն։

Յիշեցնենք, թէ Յուշակոթողը  նուիրուած է Արցախեան պատերազմներուն նահատակուած հերոսներու, Արցախի մէջ հանգչող մեր հայրենակիցներու, ինչպէս նաեւ 2023 Սեպտեմբեր 25-ին Պաշտպանութեան բանակի վառելանիւթի պահեստին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական պայթումին զոհ գացածներու յիշատակին։