ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Պատարագ՝ Զախոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

Հանդիսապետութեամբ Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Օշական եպիսկ․ Կիւլկիւլեանի, Օգոստոս 31-ին, Զախոյի Սուրբ  Աստուածածին  Եկեղեցւոյ մէջ, հոծ բազմութեան ներկայութեամբ մատուցուած է պատարագ։

Պատարագի աւարտին, Սրբազան հայրը «Օրհնութեան եւ գնահատանքի գիր» պարգեւած է «Անմեղունակ» դպրաց դասի պատասխանատուներ՝ տիկին Պէաթրիս Ներսիսեանին եւ օրիորդ Քնարիկ Սեդրակեանին, ինչպէս նաեւ դպրաց դասին, գնահատելով անոնց տարած երկարամեայ ծառայութիւնը ի սպաս եկեղեցւոյ պայծառութեան։

Ապա առաջնորդ Սրբազան հայրը, Յակոբոս քահանային յանձնած է Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց հայրապետի օրհնութեամբ շնորհուած լանջախաչը եւ  Համապատասխան կոնդակը։

 

Պատարագ՝ Աւզրուկ հայաբնակ գիւղին մէջ

Օգոստոս 30-ին, հանդիսապետութեամբ թեմի  առաջնորդ Օշական եպիսկ. Կիւլկիւլեանի, Աւզրուկ գիւղի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է պատարագ՝ Տհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մասիս քհնյ Շահինեանի ձեռամբ, մասնակցութեամբ Զախոյի հոգեւոր հովիւ Յակոբոս քհնյ Իսահակեանի։

Պատարագի աւարտին Սրբազան հայրը օրհնած է եկեղեցւոյ նուիրուած Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի եւ Սուրբ Վարդան Մամիկոնեանի պատկերները կրող խաչվառները, ապա իր օրհնութեան խօսքը ուղղած է հաւատացեալներուն։

Լուսանկարները՝ Վահիկ Աւետիսեանի