ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – «Մեր ձեւով»՝ ընդդիմութեան նոր կուսակցութիւնը

Արցա­խի ան­կա­խու­թեան օրուան նշու­մին առ­թիւ կա­րեւոր հար­ցադրում է թէ ար­դեօք փա­կուա՞ծ է Ար­ցա­խի էջը, թէ՞ ոչ։ Յստակ է Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան ռազ­մա­վարու­թիւնը՝ չբարձրա­ցնել Ար­ցա­խի խնդի­րը, նա­խապատ­ւութիւ­նը տալ Խա­ղաղու­թեան դա­շին­քի ստո­րագ­րութեան։ Ար­դեօք չբարձրա­ց­նել կը նշա­նակէ՞ փա­կել այդ էջը։ Բնա՛ւ, եր­բե՛ք։ Որ­քան Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը լռեն, այնքան Ռու­սաստան, Ազեր­պայճան եւ Հա­յաս­տա­նի ընդդի­մու­թիւնը որ ռու­սա­կան ազ­դե­ցու­թեան են­թա­կայ է, պի­տի բարձրա­ցնեն։ Այս առ­թիւ Փա­շինեանի ակ­նարկին թէ՝ «Նո­յեմ­բեր 9-ի յայտարարութիւնը՝ Նո­յեմ­բեր 9-ին մնաց», Ռու­սաստա­նի Արտաքին գործոց նա­խարարութեան բանբեր Մա­րիա Զախարո­վա հա­կազ­դած է ըսե­լով. «Ես չեմ լսած, որ ոեւէ մէ­կը մեր­ժած կամ յետս կո­չած է զա­նոնք (յայտարարութեան տրամադրութիւնները)»։ 

Ալիեւ Ուա­շինկթընի մէջ ձեռք ձգեց Մին­սքի խումբի լու­ծարքը. այդ քայլին գլխա­ւոր նպա­տակն էր մի­ջազ­գա­յին հար­թա­կէն վերջ­նա­պէս վերացնել Ղա­րաբա­ղի հարցը։ Արդէն 2020-ի 44-օրեայ պա­տե­րազ­մը ոտ­նա­կոխած էր Մինսքի խումբի նպա­տակն ու սկզբունքնե­րը։ Սա­կայն, անոր փո­խարէն Ռու­սաս­տա­նի հո­վա­նա­ւորու­թեամբ ի յայտ եկած էր Նո­յեմ­բեր 9-ի յայ­տա­րա­րու­թիւնը, որուն 9-րդ կէ­տը կը վերաբերէր ռու­սա­կան կող­մի վե­րահսկո­ղու­թեան տակ՝ Հա­յաս­տան-Ազեր­պայճան բաց հա­ղոր­դակ­ցու­թիւննե­րու հար­ցին։ Ալիեւ Հա­յաս­տա­նէն պա­հան­ջեց Մինսքի խում­բի լու­ծարքը, առանց հա­մար­ձա­կե­լու պա­հան­ջել ջնջումը Նո­յեմ­բեր 9-ի հա­մաձայ­նութեան եւս, որ Ար­ցա­խի հար­ցին նկատմամբ աւե­լի պա­հան­ջա­տիրա­կան ու այժմէական առա­ջադ­րանք­ներ կը պարունակէ, եւ որու վերոնշեալ 9-րդ կէ­տը Ուա­շինկթընի մէջ նա­խաս­տո­րագ­րուած հա­մաձայ­նա­գրով դարձաւ Թրամ­փի գլխա­ւոր ձեռքբե­րումը՝ Սիւ­նի­քի ճա­նա­պար­հին 100 տա­րուան հա­մար ամերիկեան ըն­կե­րու­թեան մը ար­տա­պատուիրա­կումովը։ Երե­ւոյթ մը որ ռու­սա­կան կող­մին հա­մար անըն­դունե­լի պի­տի ըլ­լար սո­վորա­կան պայ­մաննե­րու մէջ, սա­կայն ուքրա­ինական պա­տերազ­մին բե­րու­մով՝ ԱՄՆ-ու առիթ տուաւ ներ­թա­փան­ցե­լու Հա­րաւա­յին Կով­կաս։

Այս իրո­ղու­թիւննե­րու լոյ­սին տակ պէտք է ըն­թերցել Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան օրուան նա­խօրեակին՝ Նա­րեկ Կա­րապե­տեանի ղե­կավա­րու­թեամբ հիմ­նադրու­թիւնը «Մեր ձե­ւով» ժո­ղովրդա­կան կա­մաւո­րական շար­ժումին, որ քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թիւն ալ պի­տի դառ­նայ մաս­նակցե­լու համար 2026-ի ընտրու­թիւննե­րուն, ինչպէս որ կը նշուի հիմ­նադրու­թեան յայ­տա­րարու­թեան մէջ՝ «Հա­յաս­տա­նում առա­ջիկա­յում ընտրա­կան գոր­ծընթաց­ներ են սպաս­ւում, եւ դրանց մաս­նակցե­լու օրէն­քով նա­խատե­սուած ամե­նայար­մար ձե­ւը կու­սակցա­կան մաս­նակցու­թիւնն է»։ 

«Մեր ձե­ւով» ար­տա­յայ­տութիւ­նը կը պատ­կա­նի գոր­ծա­րար եւ Մայր Աթո­ռի բա­րերար Սա­մուէլ Կա­րապե­տեանին, որուն եղ­բօրոր­դին է Շար­ժու­մը հա­մակար­գող Նա­րեկ Կա­րապե­տ­եանը։ Ստեղ­ծուելուն պէս Վե­հափա­ռը Էջ­միած­նի մէջ ըն­դունած է «Մեր ձե­ւով»-ի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը։ 

Իսկ Սա­մուէլ Կա­րապե­տեան կա­լանա­վայ­րէն յայ­տա­րարած է. «Սի­րելի՛ հայ­րե­նակից­ներ, միանա­լով “Մեր ձեւով” շարժմա­նը՝ դուք կը դառ­նաք մի մեծ թի­մի մաս, որն աշ­խա­տում է Հա­յաս­տա­նի ապա­գայի հա­մար։ Վստահ եմ՝ միասին մենք կը կա­րողա­նանք նոր փուլ սկսել մեր երկրի կեան­քում։ Հայ ժո­ղովուրդն ար­ժա­նի է ար­ժա­նապա­տիւ կեան­քի, իսկ մեր պե­տու­թիւնը՝ յար­գանքի։ Եւ այդ ամէնին մենք հաս­նե­լու ենք ամէ­նօրեայ նուիրուած աշ­խա­տան­քով»։ 

Այսպէսով, Ռու­սաստա­նի մէջ հարստա­ցած ու օլի­գարխ դար­ձած Սա­մուէլ Կա­րապե­տեան կը հե­տեւի Վրաս­տա­նի նախ­կին նա­խագահ ու «Վրա­ցական երազ» կու­սակցու­թեան հիմ­նա­դիր, գոր­ծա­րարու­թե­նէ քա­ղաքա­կան ասպարէզ անցած Իվա­նիշ­վի­լիի օրի­նակին, որ վե­րահաս­տա­տեց Վրաս­տա­նի ռու­սա­մէտ կողմնո­րոշու­մը։ 

Ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թեան ազդանշան­ներն ալ կը յու­շեն Հա­յաս­տան-Ազեր­պայճան խա­ղաղու­թեան գոր­ծընթա­ցին մէջ Ռու­սաստա­նի դե­րակա­տարու­թեան նուազու­մին դի­մաց՝ ռու­սա­կան զօ­րաւոր հա­կազ­դե­ցու­թիւնը հան­դէպ յա՛տ­կա­պէս Ազեր­պայճա­նի, որուն նա­խագա­հին մօ­տիկ օլի­գարխներ ու մշա­կոյ­թի մար­դիկ զանազան պատ­րուակ­նե­րով հե­տապնդու­մի կ՚են­թարկուին ու անոնց պատ­կա­նող ու­նե­ցուածքներ թի­րախը կը դառնան իշ­խա­նու­թեան։ 

Ժ.Չ. ■