Օգոստոս 31-ին, Վանաձորի մէջ՝ զօրավար Անդրանիկ Օզանեանին նուիրուած պրոնզաձոյլ յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցած է անոր յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը։ Մասնակիցները՝ համայնքի անդամներ, «Ինտերկապ» կազմակերպութիւնը, Կամաւորական միութիւնը եւ սփիւռքէն հիւրեր, ծաղկեպսակ զետեղած են յուշարձանի պատուանդանին։
Ելոյթներով հանդէս եկած են Գուգարաց թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Յակոբեան, լրագրող Աշոտ Կնեազեան եւ անդրանիկագէտ Կարօ Վարդանեան։ Անոնք ընդգծած են, թէ զօրավարին կերպարը կը շարունակէ ոգեշնչել հայ ժողովուրդը, իսկ անոր պատգամը՝ «զէնք ունիս՝ ուժեղ ես, ուժեղ ես՝ ազատ ես»՝ արդիական է այսօր ալ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։