Եւրոպական ատեանին մէջ հայ գերիներու շահերու պաշտպան Սիրանոյշ Սահակեան Սեպտեմբեր 3-ին «Ազատութիւն» լրասփիւռին հաղորդած է, թէ Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գերիներու շրջանակին մէջ եղած են անձնասպանութեան փորձեր։
Իրաւապաշտպանին համաձայն՝ գերիները վերջերս հեռաձայնային զրոյց ունեցած են իրենց ազգականներուն հետ, որոնց ընթացքին ալ յայտնի դարձած են անձնասպանութեան փորձերը: Առանց անուններ յիշատակելու՝ Սիրանոյշ Սահակեան մի՛այն տեղեկացուցած է, թէ անձնասպանութեան փորձ կատարողները եղած են ոչ թէ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, այլ միւս հայ գերիներու շրջանակէն:
“Այսինքն՝ Կարմիր Խաչի այցելութիւններուն դադարէն ետք նման փորձեր եղած են, կրկնուած են, ինչ որ ցոյց կու տայ ուղղակի կապը Կարմիր խաչի գործունէութեան դադրեցումին, մեկուսացման եւ մարդկային տառապանքներուն միջեւ”,– ընդգծած է ան, ահազանգ հնչեցնելով, թէ յուսալքութիւնը կը խորանայ եւ հայ գերիները յայտնուած են ամբողջական մեկուսացման մէջ։
“Շուրջ երկու ամիս է, որ հայ գերիներուն հետ որեւէ միջազգային անկախ կառոյց չէ տեսակցած, անոնց բանտի պայմաններուն, առողջապահական ու հոգեբանական վիճակի մասին ո՛չ մէկ տեղեկութիւն կայ։ Կարմիր խաչի միջազգային յանձնախումբին ներկայացուցիչները վերջին անգամ հայ գերիներուն հետ տեսակցած են անցեալ Յունիսին եւ ինչպէս տեղեակ էք այդ կառոյցը Ազերպայճանի իշխանութիւններուն պահանջով վերջնականապէս դադրեցուց իր գործունէութիւնը Պաքուի մէջ”,– ըսած է իրաւապաշտպանը:
Շուրջ ամիս մը անցած է Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող 23 հայ գերիներուն ազատ արձակման հարցով ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութենէն ու խաղաղութեան համաձայնագրին նախաստորագրումէն, սակայն այս կապակցութեամբ որեւէ տեղաշարժ չկայ։ Թէեւ կողմերը կը յայտարարեն, թէ խաղաղութիւնը արդէն հաստատուած է, սակայն Պաքուի բանտերուն մէջ 23 հայ գերիներուն ու անոնց ազգականներուն տառապանքները կը շարունակուին:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։