Սեպտեմբեր 3-ին, Մարդկային իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան Դիմագիրքի իր էջին գրառումով հաղորդած է, թէ Ազերպայճանի մէջ պաշտօնապէս յայտարարած են, թէ արդէն 100.000-է աւելի «արեւմտեան ազերպայճանցիներ» արձանագրուած են Հայաստան վերադառնալու համար եւ արձանագրութիւնը կը շարունակուի։
«Այսինքն՝ ազերպայճանական իշխանութիւնը կը շարունակէ առաջ տանիլ “Արեւմտեան Ազերպայճան” ծրագիրը, որուն անուան տակ կ՚ենթադրուի Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքը։ Այս ծրագրին վերջնական նպատակն է Հայաստանի մէջ ժողովրդագրական պատկերին կտրուկ փոփոխութիւնը եւ Հայաստանի ամբողջական գրաւման հասնիլը։
Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ օրական 250–300 հոգի կը ներկայանայ «Արեւմտեան Ազերպայճան» կազմակերպութեան գրասենեակ՝ կամաւոր արձանագրութեան համար։
Աւելի մեծ վտանգը այն այն է, որ կ՚արձանագրուին ոչ միայն 1988–1991 Հայաստանէն գացածները, այլ նաեւ անոնցմէ առաջ “տեղահանուածներուն” ժառանգները։
Սա կրկին անգամ կ՚ապացուցէ, թէ Ազերպայճանի իշխանութիւնը նպատակ չունի դադրեցնելու Հայաստանը գրաւելու քաղաքականութիւնը, եւ այդ պիտի շարունակուի այնքան ատեն, որքան Հայաստանի մէջ հաստատուած է անձնիշխանութիւն եւ կուսակցապետութիւն։
Յիշեցնեմ, որ ազերպէյճանական իշխանութիւնը կը շարունակէ տրամադրել ID-ներ (ապագայ անձնագրեր), ուր որպէս անձին ծագման վայրը (բնօրրանը) նշուած է “Արեւմտեան Ազերպայճան” եւ Հայաստանի Հանրապետութեան բնակավայրերէն մէկը»,– կը գրէ Թաթոյեան, գրութեան կցելով այդպիսի վկայականներէն մէկը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։