Սեպտեմբեր 2–5, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Փարիզի կեդրոնին մէջ ընթացող ամէնամեայ համաժողովի շրջանակին մէջ կազմակերպուած է «Արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) եւ կրթութեան ապագան» վերտառութեամբ նիստը, որուն մասնակցած է Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) փոխնախարար Արթուր Մարտիրոսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Սոյն նիստին նպատակն է ձեւաւորել ուղիներ կրթութեան մէջ ԱԲ-ի արդար, բարոյագիտական եւ մարդակեդրոն համարկման համար՝ արհեստագիտութիւնը դիտարկելով որպէս համընդհանուր եւ ներառական յառաջընթացի շարժիչ ուժ։
Հայաստանի պատուիրակութեան մաս կազմած են Կրթական արհեստագիտութիւններու ազգային կեդրոնի տնօրէն Արտակ Պօղոսեան, Կրթութեան զարգացման եւ նորարարութիւններու ազգային կեդրոնի փոխտնօրէնուհի Լիլիթ Մկրտչեան, Հայաստանի գիտութեան և արհեստագիտութեան հիմնադրամի (FAST) գործադիր տնօրէնուհի Սիւզաննա Շամախեան եւ Հանրակրթական ծրագրերու ղեկավար Անոյշ Այվազեան:
Արթուր Մարտիրոսեան իր ելոյթին ընդգծած է ԱԲ-ի դերը կրթական աշխատանքներուն մէջ, նշելով թէ կրթութիւնը Հայաստանի մրցունակութեան եւ ներառական աճի առանցքային գործօններէն է: Փոխնախարարին համաձայն՝ կրթական բարեփոխումներու կարգին՝ չափորոշիչի վերանայման միջոցով աւելի մեծ ուշադրութեան կ՚արժանանայ ապագային միտող հմտութիւններու ձեւաւորումը՝ թուային գրագիտութեան ու համակարգչային գիտութեան ուսուցումը, տարրական դասարաններէն սկսեալ։
Ան անդրադարձած է նաեւ պետական ու առանձին հատուածներու միասնական նախաձեռնութիւններուն՝ որպէս յաջողած օրինակներ ներկայացնելով FAST հիմնադրամի, Synopsys Armenia-ի եւ TUMO կեդրոնին հետ համագործակցութիւնը, որոնց միջոցով Հայաստանի մէջ կ՚իրագործուին նորարարական կրթական ծրագրեր:
Մարտիրոսեան շեշտած է, թէ Հայաստանի մէջ սոյն ծրագրերը կը դիտարկուին ոչ թէ միայն իբրեւ ընթացիկ բարեփոխումներ, այլեւ երկրի կրթական համակարգի զարգացման հիմնասիւներ։ Ան աւելցուցած է, որ մինչեւ 2030 թուական կը նախատեսուի ընդլայնել 2023-էն ԿԳՄՄ նախարարութեան եւ FAST-ի կողմէ միատեղ իրականացուող «ԱԲ սերունդ» դպրոցական ծրագիրը եւ Հայաստանի երկրորդական վարժարաններու աշակերտութեան 85%-էն աւելիին հասանելի դարձնել ԱԲ կրթութիւն ստանալու կարելիութիւնը։
“Այս ծրագրին շնորհիւ հազարաւոր շրջանաւարտներ պիտի դառնան ոչ միայն ԱԲ-ի օգտատէրեր, այլեւ ստեղծարարներ ու նորարարներ։ Հայաստան՝ իբրեւ փոքր պետութիւն, կրնայ դառնալ միջազգային փորձառութեան տարրալուծարան մեծ պետութիւններուն համար՝ հնարաւորութիւն տալով փորձարկել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ԱԲ-ն արդիւնաւէտ համարկել կրթական համակարգին մէջ”,– ընդգծած է փոխնախարար Արթուր Մարտիրոսեան։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։