ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ – Ծայր առած է միջեկեղեցական համաժողովը՝ նուիրուած Նիկիոյ առաջին տիեզերաժողովի 1700-ամեակին

Սեպտեմբեր 4-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ծայր առած է «Ապրելով Հաւատամքը այսօր. Նիկիոյ տիեզերաժողովի 1700-ամեակի յիշատակում» խորագրով միջեկեղեցական համաժողովը։

Մայր Աթոռի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ժողովին նպատակն է համախմբել երիտասարդ  հոգեւորականներ՝ միասնաբար խորհելու Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու շուրջ, ուսումնասիրելու Նիկիական Հաւատամքի իմաստն ու արդիականութիւնը մեր օրերուն եւ խթան հանդիսանալու եղբայրութեան ու համագործակցութեան ոգիին։

Չորսօրեայ համաժողովին կը մասնակցին Հայոց եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Կ․ Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւններու, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու, տարբեր յարանուանութիւններու եւ միջեկեցական կառոյցներու ներկայացուցիչներ։

Տէրունական աղօթքէն ետք ներկաները ողջունած է Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան։ Այնուհետեւ մասնակիցներուն իր օրհնութիւնն ու պատգամը յղած է Վեհափառ հայրապետը։

“Առաջին տիեզերաժողովը համախմբեց բազում եկեղեցիների՝ միասնաբար հակադարձելու եկեղեցական կեանքը յուզող երեւոյթներին, աւետարանական ճշմարտութիւնները խեղաթիւրող փորձերին, զերծ պահելու հաւատքը  կամայական մեկնաբանութիւններից ու տարաբնոյթ մոլորութիւններից։

Ընդհանրական եկեղեցին Նիկիայի առաջին տիեզերաժողովի գումարումով, որին Հայոց եկեղեցուց իր մասնակցութիւնը բերեց Արիստակէս հայրապետը՝ որդին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կաթողիկոսի, սահմանեց Նիկիական հանգանակը եւ հաստատեց Քրիստոսի Աստուածութեան վերաբերեալ եկեղեցու անխախտելի վարդապետութիւնը։ Այն դարձաւ ամուր խարիսխը քրիստոնէական հաւատքի, որով նաեւ սահմանուեցին աստուածաբանական եզրեր եւ հիմնադրոյթներ, եւ բանաձեւուեց Քրիստոսի եկեղեցին որպէս մի, ընդհանրական եւ առաքելական։ Ժողովում ընդունուած քսան կանոնները եւս կարեւոր ուղենիշ դարձան եկեղեցու ծիսականոնական կեանքում, նուիրապետական կարգի ընկալումներում”,– նշած է հայոց հայրապետը՝ փաստելով, որ Նիկիոյ առաջին տիեզերաժողովը, աշխարհի ծագերէն 318 հայրապետներու համախմբումով, դարձաւ վահանը քրիստոնէական հաւատքի եւ վկայութիւնը եկեղեցւոյ ընդհանրականութեան եւ միասնականութեան։

“Նիկիական տիեզերաժողովը 1700 տարի անց համախմբել է ձեզ մի երկրում, որ անասելի հալածանքների, նեղութիւնների եւ փորձութիւնների է ենթարկուել յանուն Քրիստոսի։ Այսօր էլ մեր ժողովուրդը փորձութիւնների միջով է անցնում։ Տակաւին չեն ամոքուել վէրքերը, որ պատճառուեցին մեր ժողովրդին 2020 թուականին Ադրբեջանի պարտադրած պատերազմի հետեւանքով, երբ սեփական պատմական հողի վրայ անկախ ու ապահով ապրելու ու բազմադարեայ սրբավայրերում ազատօրէն աղօթելու ցանկութեան պատճառով զոհուեցին ու հաշմանդամ դարձան հազարաւորներ, որբացան տասնեակ հազարաւոր ընտանիքներ, իսկ 2023 թուականին Արցախից բռնի տեղահանուեց ողջ բնակչութիւնը՝ հարիւր քսան հազար ունեզրկուած հայորդիներ։ Ադրբեջանում նաեւ առ այսօր շարունակւում են ապօրինաբար պահուել Արցախի պետական այրեր եւ ռազմագերիներ։ Բռնազաւթուած Արցախում ներկայիս ոչնչացւում եւ վնասւում է մեր բազմադարեայ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւնը, պատմական սրբավայրերը, նաեւ իւրացւում ոչ-հայկական լինելու կեղծ պատճառաբանութեամբ”,– շեշտած է Վեհափառ հայրապետը՝ աւելցնելով, թէ աշխարհի մէջ այսօր տիրող ցաւալի պատկերի յանդիման ա՛լ աւելի հրամայական կը դառնայ եկեղեցիներու համագործակցութեան ոգիի դրսեւորումը։

Մինչեւ Սեպտեմբեր 7 շարունակուող համաժողովին բանախօսութիւններով ու զեկոյցներով հանդէս կու գան Արեւելեան Ուղղափառ, Ուղղափառ, Կաթոլիկ, Լիւթերական եւ այլ եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ միջեկեղեցական կառոյցներու ներկայացուցիչներ։ Տեղի կ՚ունենան նաեւ քննարկումներ արծարծուած հարցերու եւ նիւթերու շուրջ։

Համաժողովի մասնակիցները կ՚այցելեն տարբեր սրբավայրեր ու թանգարաններ, կը մասնակցին միջեկեղեցական աղօթքներու, կը ծանօթանան Հայոց եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան։