Առնօ Բաբաջանեանի «Էլեկիա» ստեղծագործութիւնը՝ թուրք դաշնակահարուհիին կատարողութեամբ

Թուրք դաշնակահարուհի Իքլիմ Թամքան մեկնաբանած է հայ մեծանուն դաշնակահար եւ երաժիշտ Առնօ Բաբաջանեանի «Էլեկիա» (Élégie) ստեղծագործութիւնը: Տեսահոլովակը նկարահանուած է Պոլսոյ Պեշիքթաշի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մէջ:

Թամքան նշած է, թէ սոյն ստեղծագործութիւնը երաժշտութեան լեզուով կ՚արտայայտէ հանդուրժողականութեան, խաղաղութեան եւ համակեցութեան հարստութիւնը, անցեալի ցաւին դիմակայելու ազնիւ քաջութիւնը։

Սայեաթ Նովայի ժողովրդական մեղեդիներէ ոգեշնչուած այս գործը նուիրուած է Արամ Խաչատրեանի յիշատակին։