Սեպտեմբեր 5-ին, Երեւանի մէջ ծայր առած է գիրքի 8-րդ միջազգային փառատօնը՝ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին եւ Ազգային պատկերասրահին մէջ, իսկ տօնավաճառը՝ Պատկերասրահի շէնքին կամարներուն տակ։
Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի փոխնախարար Դանիէլ Դանիէլեան, պաշտօնատար այլ անձեր եւ մեծ թիւով գրասէրներ։
Գիրքի տօնավաճառին կը մասնակցին 50-է աւելի հրատարակչութիւններ, գրավաճառներ, թանգարաններ, գրադարաններ, կրթամշակութային հաստատութիւններ՝ իրենց արտադրանքը վաճառելով 20–50 տոկոս պարտադիր զեղչով։
Փառատօնի ծրագրին մէջ նախատեսուած են 50 միջոցառումներ՝ գիրքի շնորհահանդէսներ, բանաստեղծութեան ընթերցումներ, գրական հանդիպումներ, մասնագիտական քննարկումներ, վարպետութեան դասեր, գրական մրցանակաբաշխութիւն:
Փառատօնին կը մասնակցին անուանի գրողներ, գրաքննադատներ եւ հրատարակիչներ՝ Հայաստանէն, Միացեալ Թագաւորութենէն, Իտալիայէն, Լաթվիայէն, Վրաստանէն, Ռուսաստանէն, Չեխիայէն, Յունաստանէն, Նետերլանտներէն, Իրանէն, Միացեալ Նահանգներէն:
Նշենք, թէ փառատօնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ նաեւ մարզերուն մէջ՝ Սեպտեմբեր 28-ին Գիւմրի, իսկ Հոկտեմբեր 4-ին՝ Կապան:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։