Օգոստոս 31-ին, Կլենտէյլի մէջ, 84 տարեկանին կեանքէն հրաժեշտ առած է սփիւռքահայ բազմավաստակ մտաւորական դոկտ. Հրանդ Աճէմեան, որուն անունը Լիբանանի հայ գաղութէն անցած է Իրան, Ֆրանսա, ապա հասած է Լոս Անճըլըս, ուր վերջնական կայք հաստատած էր:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանք եւ Նշան Փալանճեան Ճեմարան յաճախելէ ետք, հետեւած է Սպահանի համալսարանի հայագիտական ամպիոնի, ապա՝ Փարիզի Սորպոն համալսարանի ֆրանսական արդի գրականութեան ու Արեւելագիտութեան դասընթացքներուն, ուրկէ վկայուած է դոկտոր:
Եղած է հայագէտ, հրապարակագիր, խմբագիր, կրթական բեղուն մշակ, երգչախումբի ղեկավար:
Անոր կեանքի՝ «ֆրանսական էջեր»-ը անկասկած սերտօրէն առնչուած պիտի մնան «Յառաջ»-ի հետ։
Թերթին խմբագրական արդէն նեղ կազմը, 1977-ին, Հրանտ Սամուէլի մահով, ա՛լ աւելի փոքրացած էր։ Այս պայմաններուն մէջ է, որ Հրանդ Աճէմեան մուտք կը գործէր «Յառաջ»-ի յարկէն ներս, օգնելու համար տիկին Արփիկ Միսաքեանին, որ այլեւս յանձն առած էր խմբագրութեան պատասխանատւութիւնը։ Ողբացեալ Աճէմեան քանի մը տարի «Յառաջ»-ի մէջ պաշտօնավարեց որպէս խմբագիր, մինչեւ 80-ականներու կէսերուն իր մեկնումը ԱՄՆ։
Հոն, Շամլեան ազգային վարժարանին մէջ ուսուցչագործեց՝ մատղաշ սերունդին ջամբելով հայ գիրի ու գրականութեան սէրը, միաժամանակ լայնօրէն աշխատակցելով տեղւոյն հայ մամուլին։
Հրանդ Աճէմեան հեղինակ է նաեւ աւելի քան տասնեակ մը գիրքերու։ Անոնցմէ վերջինն էր «Հայ եկեղեցւոյ շարակնոցը եւ այլ ծիսամատեանները» խորագիրը կրող աշխատասիրութիւնը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։