Քանի մը տարիէ ի վեր աւանդական դարձած Ախթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ուխտագնացութիւնը տեղի ունեցած է այս տարի եւս, ըլլալով 13-րդը։ Ս. պատարագը մատուցուած է Կիրակի, Սեպտեմբեր 7-ի առաւօտեան, նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Բ. արք. Մաշալեանի։
Պատրիարք հայրը, այլ հոգեւորականներու ընկերակցութեամբ, նախորդ օր՝ Սեպտեմբեր 6-ին մեկնած է Ըղտըր, ուրկէ ալ նոյն օրը ուշ երեկոյեան հասած է Վան։ Հոն անոնց միացած են յաջորդ օր ժամանած հոգեւորականներն ու դպրաց դասի անդամները։
Կիրակի, Սեպտեմբեր 7-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, քահանայ հայրերու գլխաւորութեամբ՝ սարկաւագներ եւ դպիրներ մեկնած են Ախթամար կղզի կատարելու անհրաժեշտ քննութիւններն ու պատրաստութիւնները, փոխադրելու եկեղեցական իրերն ու զգեստները: Զարդարած են Ս. Սեղանը, մինչ «Արմաշ» դպրաց դասի անդամները փորձ կատարած են, ցնծութեան պահեր պարգեւելով տեղացի եւ օտար զբօսաշրջիկներուն։
Քիչ ետք, Պոլսէն եւ արտասահմանէն ուխտաւորներու մեծ ու փոքր խումբեր սկսած են ժամանել Ախթամար, ներկայ գտնուելու համար Ս. պատարագին: Ուխտագնացութեան մասնակցած է, նա՛եւ պատարագած Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իռլանտայի թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպիսկ. Մանուկեան։
Ժամը 9-ին, Պատրիարք հայրը, հոգեւոր հայրերն ու սպասարկողներու խումբը եւս Վանէն ժամանած են Ախթամար կղզի:
Ժամը 10.30-ին, կազմուած թափօրը Տաճարի մօտակայ կիսաւեր մատուռէն Ս. Խաչ երբեմնի հայրապետանիստ տաճար առաջնորդած է պատարագիչ Յովակիմ եպիսկ. Մանուկեան։
Տէրունական աղօթքէն առաջ Պատրիարք հայրը քարոզած է, որպէս բնաբան ունենալով Յիսուս Քրիստոսի խաչափայտն ու Ախթամարի Ս. Խաչ տաճարի շինութիւնը:
Յաւարտ պատարագի կատարուած է կարգ ի հանգիստ Հայ եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Ախթամարի երբեմնի Կաթողիկոսութեան հանգուցեալ սպասաւորներու հոգւոյն։
Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հանդիսութիւններէն յետոյ, Պատրիարք հօր գլխաւորութեամբ հոգեւորականներու թափօրը առաջնորդուած է բակ, ուր կատարուած է հանդիսաւոր անդաստան։ Ապա, Նորին Ամենապատւութեան տուած օրհնութեամբ իրենց աւարտին հասած են արարողութիւնները։
Յաւարտ արարողութեանց, Պատրիարք հայրը, հոգեւոր հայրերու եւ սպասարկողներու խումբը վերադարձած են Վան։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։