Նախկին Պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիէն Լըքոռնիւի Մաթինիոն նշանակումը արժանացաւ ֆրանսահայ համայնքի յատուկ ուշադրութեան։ Արդարեւ, նորանշանակ վարչապետը մաս կը կազմէ ֆրանսացի քաղաքական դէմքերու այն փաղանգին, որ վերջին տարիներուն մեծապէս ներգրաւուած է Երեւանի հետ համագործակցութեան ամրապնդման մէջ, իր պարագային՝ պաշտպանութեան բնագաւառէն ներս:
Հոկտեմբեր 2023-ին, անոր վերահսկողութեան ներքեւ՝ Ֆրանսա եւ Հայաստան ստորագրեցին պաշտպանական բնագաւառի կարեւոր պայմանագրեր, որոնք կը նախատեսէին, ի միջի այլոց, արդիական ազդու զէնքերու մատակարարումը Հայաստանի: Տարի մը ետք, Լըքոռնիւ գլխաւորելով ֆրանսական պատուիրակութիւն մը, գնաց Հայաստան, անձամբ դիմաւորելու վերոնշեալ զէնքերու առաջին խմբաքանակները, որոնք Հայաստան կը հասնէին։
Ֆրանսայի նոր վարչապետը իր ելոյթներուն մէջ ալ բազմիցս արտայայտած է Հայաստանի նկատմամբ իր անսակարկ դիրքորոշումը։ Յամենայն դէպս, ամէն կասկածէ վեր է, որ 2020-ի պատերազմէն եւ 2023-ին Արցախի բնակչութեան ենթարկուած ցեղային զտումէն ետք՝ ֆրանքեւհայկական համագործակցութիւնը պաշտպանական ոլորտէն ներս՝ շնորհիւ իրեն նուաճած է անառարկելի մակարդակ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։