Պարոն Արապեանի՝ նոր մանկապարտէզ կառուցելու հիմնական նպատակն էր երեխաներուն ծառայել

Երկա՜ր սպա­սու­մէ ետք վեր­ջա­պէս Ալ­ֆորվի­լի Մա­րիամ Արա­պեան ման­կա­պար­տէ­զը Սեպ­տեմբեր 1-ին բա­ցաւ իր դռնե­րը Ալ­ֆորվի­լի մա­նուկնե­րուն առ­ջեւ, որոնք տա­րինե­րէ ի վեր կը սպա­սէին մա­քուր, լու­սա­ւոր, ըն­դարձակ, նոր դա­սարան­նե­րու եւ ճա­շարա­նի, որ ապա­հովեն իրենց առող­ջա­պահա­կան բո­լոր կա­րիք­նե­րը, յար­գե­լով նաեւ այդ կա­լուա­ծէն ներս պե­տական չա­փանի­շերը։ Նախ­կի­նը, Ս. Մես­րոպ կրթա­րանի հին շէն­քը ար­դէն պե­տու­թեան կող­մէ փա­կուե­լու ազ­դա­րարու­թիւն ստա­ցած էր։ 

Նո­րին կա­ռու­ցումը կը պար­տինք նա­խ եւ ա­ռաջ Գէորգ Արա­պեանին, որ նախ­կին ման­կա­պար­տէ­զին խղճա­լի վի­ճակը տես­նե­լով՝ Նոր­վան Սրբա­զանին յայտնած է, թէ մա­նուկնե­րուն աւե­լի յար­մա­րաւէտ ու առողջ կրթա­կան մի­ջավայ­ր ապահովե­լու հա­մար պէտք է կա­ռու­ցել նոր մը, որուն շի­նարա­րական ծախ­սե­րը ինք պատ­րաստ է ամ­բողջո­վին ստանձնե­լու։ Դժբախ­տա­բար, չկրցաւ իր անձնուիրու­թեան ար­գա­սիքին ակա­նատեսն ըլ­լալ, ոչ ալ կրցաւ ամ­բողջո­վին դպրո­ցին շի­նարա­րու­թեան ծախ­սե­րը փա­կել. ո՛չ թէ իր մեղ­քով, այլ՝ Լի­բանա­նի դրա­մատու­նե­րու սնան­կա­ցու­մով ծագած տագ­նա­պին բե­րու­մով, որ կուլ տուաւ բա­րերա­րին դրա­մագ­լուխն ու խնա­յողու­թիւնն ալ։ Եւ այդ ձեռ­նա­ռատ ու հո­գատար մար­դը հոգին աւանդեց թշուառու­թեան մէջ, կա­րիքա­ւորի կար­գա­վիճա­կով։ Սա­կայն, շնոր­հիւ իրեն՝ Ալ­ֆորվի­լի մա­նուկնե­րը ու­նե­ցան իրենց նոր դպրո­ցը։

Այս ալ սփիւռքա­հայ դպրո­ցի ճա­կատա­գրին եզա­կի մէկ պատ­կերն է։ Կարգ մը դպրոց­ներ բախ­տա­ւոր կ՚ըլ­լան, ու­րիշներ՝ ան­բախտ։ Եթէ Մա­րիամ Արա­պեան դպրո­ցը այ­սօր գո­յու­թիւն ու­նի, այդ կը պար­տինք նաեւ APCAF-ին եւ անոր նա­խագահ Նոր­վան Սրբա­զանին ու անոր վար­չա­կան զի­նակից­նե­րուն, որոնք ըն­դա­ռաջե­ցին Գէորգ Արա­պեանի նա­խաձեռ­նութեան եւ անոր սնան­կութե­նէն ետք հա­ւատա­ցին ման­կա­պար­տէ­զին կա­ռուցման անհրա­ժեշ­տութեան ու շա­րու­նա­կեցին դրամ հա­ւաքել կա­ռու­ցումը իր աւար­տին հասցնե­լու հա­մար։

Սա­կայն, Մա­րիամ Արա­պեան դպրո­ցի բա­ցու­մին երե­ւոյ­թը միայն նո­րակա­ռոյց շէն­քի հարց չէ. մա­նուկնե­րուն կրթա­կան պա­հանջնե­րը միայն նո­րակա­ռոյց շէն­քով չեն բա­ւարա­րուիր։ Դպրոց մը գո­յու­թիւն կ՚ու­նե­նայ շնոր­հիւ ծնող­նե­րուն, որոնք իրենց զա­ւակ­նե­րուն մտա­ւոր, ըն­կե­րային ու հո­գեւոր զար­գա­ցու­մին հա­մար կ՚ընտրեն յար­մա­րագոյն մի­ջավայ­րը։ Շէն­քը շի­նող­նե­րը, հո­գաբար­ձու մար­մի­նը, տնօ­րէնու­թիւնը, ու­սուցչա­կան կազ­մը, ծնո­ղական մար­մի­նը բո­լորը իրարու հետ գոր­ծակցե­լով է որ կը ստեղ­ծեն դպրո­ցը։

Սեպ­տեմբեր 5-ին, Մա­րիամ Արա­պեան ման­կա­պար­տէ­զի պաշ­տօ­նական բա­ցումն էր, Ալ­ֆորվի­լի քա­ղաքա­պետին ներ­կա­յու­թեամբ։ Կա­տարուեցաւ նաեւ դպրո­ցի օրհնու­թեան արա­րողու­թիւնը ձե­ռամբ Նոր­վան սրբա­զանի, որ ի պաշ­տօ­նէ նաեւ շի­նարար մարմինի՝ APCAF-ի նա­խագահն է։ Բայց ու­րա­խալի այս առի­թը հա­զիւ թէ ծած­կէր տագ­նա­պալի իրա­վիճա­կը։ Կա­յին յատ­կանշա­կան բա­ցակա­յու­թիւններ։ Բա­ցակայ էին նո­րակա­ռոյց ման­կա­պար­տէ­զին դի­մացի մայ­թին վրայ գտնուող Գէորգ Արա­պեան — Ս. Մես­րոպ նա­խակրթա­կարա­նի եւ միջ­նա­կարգ վար­ժա­րանի տնօ­րէնու­թիւնը, հո­գաբար­ձու մար­մի­նը, ու­սուցիչ­նե­րը, Ս. Պօ­ղոս — Ս. Պետ­րոս եկե­ղեց­ւոյ հո­գեւոր հո­վիւը, ծխա­կան մար­մի­նը, ինչպէս նաեւ Ֆրան­սա­յի Առա­քելա­կան թե­մի վար­չութիւ­նը, Առաջ­նորդը։ Դպրո­ցը կա­ռու­ցուած է եկե­ղեցա­կան կա­լուա­ծի վրայ։ Դպրո­ցական­նե­րը վա­ղուան հայ հա­մայնքն են։ Աշա­կերտնե­րը թա­ղին երեխաներն են, որոնց մէկ մա­սը բնա­կանա­բար Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ հե­տեւորդ է։ Ման­կա­պար­տէ­զի շէն­քը կցուած է եկե­ղեց­ւոյ։

Թե­րեւս առա­ջին ան­գամն է որ ծխա­կան հա­մայնքի մը պատ­կա­նող դպրո­ց մը բաժ­նուի եր­կուքի, ստեղ­ծուի նոր հո­գաբար­ձու մար­մին նոր ման­կա­պար­տէ­զին հա­մար, որ կա­րենայ հա­մոզել ու­սուցիչ­նե­րը տե­ղափո­խուելու նոր կա­ռոյց եւ մա­նաւանդ ծնող­նե­րու մե­ծամաս­նութիւ­նն ալ համոզել, որ հե­ռանայ նախ­կի­նէն եւ զա­ւակ­ը ար­ձա­նագ­րէ նո­րին։ Յե­տոյ, նախ­կի­նը դատ բա­նայ նո­րին դէմ եւ կորսնցնէ դա­տը, սա­կայն շա­րու­նա­կէ դա­տը այս անգամ դի­մելով վճռա­բեկ ատեան, այդ ըն­թացքին եր­կու կողմերը գումարած՝ 40.000-50.000 եւ­րօ յա­տկացնեն փաս­տա­բանա­կան գրա­սենեակին։ Պէտք է հասկնալ այս տագ­նա­պին խո­րին պատ­ճառնե­րը, հա­շիւ պա­հան­ջել։ 

Եւ վեր­ջա­պէս, այս բո­լորէն ետք, կը մտա­բերենք թէ Պա­րոն Արա­պեանի՝ նոր ման­կա­պար­տէզ կա­ռու­ցե­լու հիմ­նա­կան նպա­տակն էր երեխանե­րուն ծառայել։

Ժ.Չ. ■