Փաշինեան շնորհաւորած է Լըքոռնիւն վարչապետ նշանակուելուն առթիւ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան X ընկերային ցանցի իր էջին հրապարակած երկտողով շնորհաւորած է Սեպասթիէն Լըքոռնիւն Ֆրանսայի վարչապետ նշանակուելուն առթիւ։

«Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Սեպասթիէն Լըքոռնիւն վարչապետի պաշտօնին նշանակուելուն կապակցութեամբ եւ անոր կը մաղթեմ յաջողութիւններ ժողովուրդին ի սպաս այս կարեւոր առաքելութեան մէջ։ Հայաստան վճռակամ է շարունակելու ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւններու ամրապնդումը՝ դէպի ռազմավարական գործընկերութիւն»,– գրած է Փաշինեան։