Սուրէն Պապիկեան շնորհաւորած է Սեպասթիէն Լըքոռնիւն՝ վարչապետի պաշտօնին նշանակուելուն կապակցութեամբ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան X-ի իր էջին շնորհաւորած է Ֆրանսայի նորանշանակ վարչապետ Սեպասթիէն Լըքոռնիւն։

«Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Սեպասթիէն Լըքոռնիւն՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին նշանակուելուն կապակցութեամբ։

Կը յայտնեմ իմ խորին երախտագիտութիւնը մեր գերազանց համագործակցութեան եւ Ֆրանսայի Բանակներու նախարարութեան մէջ անոր նշանակալի գործունէութեան համար՝ ի նպաստ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ բարեկամութեան ու ռազմավարական գործընկերութեան խորացման»,– գրած է Պապիկեան։