Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Սեպտեմբեր 7-10 աշխատանքային այցով կը գտնուէր Միացեալ Թագաւորութիւն։
Այցի շրջանակին մէջ՝ Լոնտոն, ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր մը՝ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին եւ Բրիտանական թանգարանին միջեւ։ Յուշագիրը ստորագրած են երկու թանգարաններու տնօրէնները՝ Դաւիթ Պօղոսեան եւ Նիքլաս Քուլինան։
ԿԳՄՄ փոխնախարար Ալֆրետ Քոչարեանի համաձայն՝ 2024-ին Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ Բրիտանական թանգարանին հետ միասնաբար կազմակերպուած «Մայր Աստուածութիւն. Անահիտէն Մարիամ» ցուցադրութիւնը Հայաստանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան միջեւ կենսունակ եւ զարգացող համագործակցութեան մշակութային օրակարգի կարեւոր կէտերէն մէկն էր, որ նաեւ ամուր հիմք հանդիսացած է հետագայ համագործակցութեան զարգացման համար։
Ալֆրետ Քոչարեան վստահութիւն յայտնած է, որ յուշագիրը պիտի խորացնէ միջմշակութային համագործակցութիւնը՝ նպաստելով գործընկերութեան ընդլայնման, նոր կապերու ձեւաւորման եւ մշակութային փոխանակումներու զարգացման։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։