«Զուարթնոց» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանը
Սլաքները ձեզ կ՚առաջնորդեն… շատ բնական պատրաստուած է եւ իսկապէս այն տպաւորութիւնը կ՚ունենաք, թէ դուք տաճարին տարածքին կը գտնուիք:
Զուարթնոց եւ Մեծամօր արգելոց-թանգարաններէն ներս շրջելու համար այլեւս պարտադիր չէ զանոնք այցելելը: Ցուցադրուած նմուշներուն կարելի է ծանօթանալ նաեւ «monuments.am» կայքին վրայ ներկայացուած զօրութենական (virtuel) շրջագայութեան միջոցաւ:
Նշեալ կայքին վրայ ներկայացուած է Մեծամօր արգելոց-թանգարանը՝ թէ՛ թանգարանային արժէքներով, թէ՛ հնավայրով. Զուարթնոցը՝ նո՛յնպէս. կրնաք «այցելել» թէ՛ տաճարի տարածքը, թէ՛ թանգարանի շէնքը, թէ՛ ալ ծանօթանալ թանգարանային առարկաներէն որոշ ցուցանմուշներու:
Զօրութենական շրջագայութիւնը երեք լեզուով է՝ հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն: Ստեղծուած է ոչ միայն հայրենի բնակչութեան, այլեւ սփիւռքահայութեան եւ օտարներուն համար: Թանգարաններու այցին կ’ուղեկցի Արամ Խաչատրեանի երաժշտութիւնը:
Պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանութեան ծառայութեան ստեղծած այս զօրութենական շրջագայութիւնը նպատակ ունի տարածել այդ թանգարաններու համբաւը:
Թէեւ «այցելու»-ները զօրութենական շրջագայութեան միջոցաւ չեն կրնար ծանօթանալ արգելոց-թանգարաններուն ամբողջական պահեստին՝ սակայն միտք բանին այն է, որ հետաքրքրութիւն ստեղծուի զանոնք իրապէս՝ ֆիզիքապէս այցելելու, մարդիկ զօրութենականէն տեղափոխուին իրական թանգարան, եւ շօշափեն պատմութիւնը, տեսնեն, ծանօթանան:
Յառաջիկային զօրութենական շրջագայութիւնը հասանելի պիտի դառնայ Գառնիի տաճարէն ներս, կարելի պիտի ըլլայ ծանօթանալ Ամբերդ ամրոցին ալ: Նախաձեռնութիւնը պիտի շարունակուի, վերջնական նպատակակէտը ըլլալով՝ Հայաստանի բոլոր թանգարաններու թուայնացումը:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։