ՖՐԱՆՍԱ – Դեսպան Խաչատրեան եւ Մարսիլիոյ քաղաքապետ Փայան անդրադարձած են Երեւանի եւ Մարսիլիոյ միջեւ գործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւններուն

Սեպտեմբեր 12-ին աշխատանքային այցով Մարսիլիա գտնուող Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան հանդիպում ունեցած է Մարսիլիոյ քաղաքապետ Պընուա Փայանի հետ։

Տեսակցութեան ընթացքին Հայաստանի դեսպանը բարձր գնահատած է Մարսիլիոյ հետ Հայաստանի բարեկամական երկարամեայ առնչութիւնները, ինչպէս նաեւ Մարսիլիոյ քաղաքապետի եւ քաղաքային խորհուրդի շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին։

Անդրադարձ կատարուած է Երեւանի եւ Մարսիլիոյ միջեւ 2025 Մայիսին ստորագրուած համագործակցութեան փաստաթուղթի շրջանակին մէջ երկու քաղաքներու միջեւ գործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւններուն ու նախանշուող արդիւնաւէտ ծրագրերուն։

Հանդիպումին ներկայ գտնուած է նաեւ Մարսիլիոյ մէջ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Արա Մկրտչեան։