Կլենտէյլ կ՚ուսումնասիրէ արեւմտահայերէնը դպրոցական ծրագրին մէջ ներմուծելու կարելիութիւնը

Բազմաթիւ տարիներէ ի վեր՝ Կլենտէյլի դպրոցական միացեալ տարածաշրջանի (Glendale Unified School District — GUSD)  աշակերտները կարելիութիւնն ունին սորվելու արեւելահայերէն՝ լեզուական զոյգ ծրագրի շրջանակին մէջ։ Ներկայիս, առաջին անգամ ըլլալով՝  GUSD-ը կ՚ուսումնասիրէ արեւմտահայերէնին նուիրուած ծրագրի մը ստեղծումը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի (ՀԴՅ) Կլենտէյլի մասնաճիւղը։

ՀԴՅ-Կլէնտէյլ սա կը նկատէ շրջադարձային, լեզուական զարգացման եւ համայնքային ինքնութեան տեսանկիւնէն։

Կլենտէյլ քաղաքը հարցախոյզի մը ձեռնարկած է այս առաջարկին վերաբերեալ, իմանալու համար համայնքին կարծիքը։ ՀԴՅ-Կլէնտէյլ ջերմօրէն կը թելադրէ բնակիչներուն պատասխանել եւ լայն աջակցութիւն ցուցաբերել՝ շեշտելով, որ ծրագրին ընդունումը կրնայ կախեալ ըլլալ համայնքի զօրաշարժէն։

“Մենք պայքարեցանք որպէսզի հայերէն լեզուի ծրագրերը տեղ գտնեն Կլենտէյլի դպրոցներուն մէջ եւ տարիներու ընթացքին արեւելահայերէնը մեծ յառաջընթաց արձանագրեց”,– ըսած է ՀԴՅ-Կլենտէյլի նախագահուհին՝ Լուսի Պետրոսեան։ “Բայց արեւմտահայերէնը համայն աշխարհի մէջ դէմ-յանդիման է անհետացման վտանգի։ Կլենտէյլի մէջ իւրաքանչիւր մանուկի՝ արեւմտահայերէն կարդալ ու խօսիլ սորվելով՝ մենք կ՚օգնենք մեր մշակոյթի ապագայի ապահովման։ Սա պարզ ծրագիր մը չէ, սա մեր համայնքի տասնամեակներու կոչին ընդառաջում մըն է։ Մենք պէտք ունինք իւրաքանչիւր հայ տան, որ լրացնէ հարցախոյզը եւ նպաստէ այս ծրագրի կեանքի կոչուելուն”։

Կլենտէյլի քաղաքապետութեան քարտուղար տոքթ. Սիւզի Ապաճեան եւս ընդգծած է համայնքի մասնակցութեան մեծ կարեւորութիւնը. “Մենք երախտապարտ ենք GUSD-ին, նման կարեւոր քայլ առնելուն եւ խնդրոյ առարկայ հեռանկարի իրագործելիութիւնը ստուգելու համար ալ՝ հարցախոյզի մը նախաձեռնած ըլլալուն համար. բայց եւ այնպէս, այդ ծրագրին յաջողութիւնը կախեալ է համայնքին ձայներէն։ Նման հարցախոյզեր կրնան թուիլ աննշան, բայց յաճախ վճռական են։ Եթէ բնակիչները կ՚ուզեն որ արեւմտահայերէնը ներառուի մեր դպրոցներուն մէջ, հիմա ատենն այդ մասին արտայայտուելու։ Ամէն մէկ պատասխան ցոյց պիտի տայ որոշողներուն, թէ համայնքը լրջօրէն կ՚ուզէ պահպանել այս լեզուն”։