ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ – Սերտար Քըլըչ Հայաստան ժամանած է Մարգարայի անցակէտով

Ռուբէն Ռուբինեան (ձախին) եւ Սերտար Քըլըչ

Սեպտեմբեր 12-ին, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման թրքական կողմի յատուկ բանագնաց Սերտար Քըլըչ ժամանած է Հայաստան։ Հայ-թրքական սահմանին՝ Մարգարայի անցակէտին զինք դիմաւորած է Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, որ հայկական կողմի յատուկ բանագնացն է։

Սա Քըլըչի եւ Ռուբինեանի վեցերորդ հանդիպումն է, բայց առաջին անգամն է, որ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի մէջ։

Այնուհետեւ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին՝ զրուցակիցները վերահաստատած են նախորդ հանդիպումներուն մշակուած եւ համաձայնութեան արժանացած հարցերը՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու նպատակով: Այս համածիրին մէջ անոնք փոխանակած են մտքեր 2022 Յուլիս 1-ի հանդիպման ընթացքին՝ սահմանէն անցքերուն վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը կեանքի կոչելու շուրջ։ Յատուկ բանագնացները համաձայնած են արագացնել այս գործընթացը:

Անոնք նաեւ պայմանաւորուած են, որ երկու երկիրներու համապատասխան մարմինները կատարեն անհրաժեշտ թեքնիք ուսումնասիրութիւնները՝ Գիւմրի–Կարս երկաթուղիի եւ ելեկտրահաղորդիչ գիծի վերականգնման ու գործարկման համար։

Կողմերը նաեւ պայմանաւորուած են, որ ջանքեր գործադրուին մշակութային ու ակադեմական ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ, մասնաւորապէս համալսարանականներու համար կրթաթոշակներու կարելիութիւններու ստեղծման եւ պատմական Անիի/Մետաքսի ճանապարհի կամուրջի միասնաբար վերականգնման միջոցով:

Յատուկ բանագնացները նաեւ համաձայնած են կատարել անհրաժեշտ աշխատանքներ՝ ի նպաստ 2026-ի ամառուընէ սկսեալ տարբեր ուղղութիւններով թռիչքներ նախատեսող ընկերութիւններու  ծրագրերու իրականացման, ինչ որ պիտի աւելցնէ օդային երթուղիներու եւ թռիչքներու թիւը երկու երկիրներու միջեւ:

Եզրափակելով՝ զրուցակիցները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը՝ շարունակելու այս գործընթացը առանց որեւէ նախապայմանի։