Սեպտեմբեր 11-ին բացումը կատարուած է Նիսի հայաշատ թաղամասի մուտքին՝ Մատլէն պողոտայի շէնքերէն մէկուն ճակատին գծուած Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի որմնանկարին։
Շէնքը կը պատկանի Գոթ տ՚Ազիւրի Բնակարաններու վարչութեան եւ նախաձեռնութիւնն ալ անոր կը պարտինք։ Իսկ այս գեղեցիկ որմնանկարին հեղինակն է Artmor։ Արուեստագէտը այս հսկայական գործը գլուխ հանած է միայն մէկ շաբաթավերջի ընթացքին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։