Արարատը կ՚անհետանայ Հայաստանի պետական կնիքներէն

Համաձայն Հայաստանի կառավարութեան նոր մէկ որոշումին՝ 2025 նոյեմբեր 1-էն Հայաստանի մուտքի կամ ելքի դրոշմակնիքին վրայ այլեւս պիտի չըլլայ Արարատ լեռան պատկերը։

Կարելի է ենթադրել, թէ այս կարգադրութիւնը որքա՜ն աղմուկ բարձրացուցած է երկրին մէջ եւ պիտի բարձրացնէ ընդհանրապէս՝ հայութեան մէջ։ Քաղաքագէտներէ մինչեւ նախկին իշխանաւորներ բուռն կերպով քննադատած են որոշումը. ոմանք երկրի իշխանութիւններու նոր մէկ դաւադրութիւնը որակած են զայն, ուրիշներու համաձայն,– ինչպէս օրինակ՝ Վարդան Օսկանեանի,– սա օտար պետութիւններու թելադրանքներուն դիմաց զիջում է։ «Ոչ մի պատասխանատու կառավարութիւն չպէտք է թոյլ տայ, որ մէկ այլ պետութիւն՝ առաւել եւս Թուրքիան, թելադրի մեր պետական եւ մշակութային խորհրդանիշերը»,– ըսած է Օսկանեան։ 

Խորհրդարանական կարճ զրոյցի մը ընթացքին՝ կառավարութեան այս որոշումին դրդապատճառները բացատրած, նաեւ քննադատութիւններուն անդրադարձած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխան Արթուր Յովհաննիսեան։

Ըստ անոր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դրոշմակնիքը, որ կը դրուի անցագրին մէջ, պէտք է արտայայտէ բացառապէս Հայաստանի Հանրապետութեան պետական խորհրդանիշերը։

“Հայաստանի Հանրապետութիւնը ելնում է իր պետական խորհրդանշերից եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրոշմակնիքը պէտք է արտայայտի Հայաստանի Հանրապետութեան պետութեանը վերաբերող խորհրդանշականութիւնը, պետական խորհրդանշերը եւ ուրեմն, զերծ լինի նաեւ յուզական խորհրդանշերից”, – ըսած է Յովհաննիսեան։

Երեսփոխանը նշած է, որ այս քայլի նպատակն է բացառել Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերեալ կարելի տարբեր ընկալումներ։

“Մենք ամէն բան անում ենք, որ մեր կողմից կիրառուող խորհրդանշականութիւնը, կնիքները եւ այլն, ելնեն բացառապէս պետականութեան սկզբունքից”,– աւելցուցած է ան։

Անդրադառնալով տարածաշրջանային յարաբերութիւններուն՝ Յովհաննիսեան շեշտած է. “Մենք հիմնւում ենք Ալմաթիի հռչակագրի վրայ մեր հարեւանների հետ յարաբերութիւններում եւ մեր իւրաքանչիւր գործողութիւն, կը լինի դա կնիքի ձեւով, յայտարարութեան ձեւով, որեւէ կերպ պէտք է վտանգաւոր պատգամներ չուղարկի Հայաստանի Հանրապետութեան հարեւան պետութիւններին”։

Ըստ Յովհանիսեանի՝ Հայաստան միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններով ինքնիշխան պետութիւն է, հետեւաբար երկիրը ներկայացնող կնիքները պէտք է արտացոլեն պետական խորհրդանիշերը։

“Ցաւում եմ, որ էլի որոշ շրջանակներ այս պարզ տրամաբանութիւնը շատ լաւ իմանալով փորձում են հաղորդել յուզական ենթախորք։ Որեւէ դաւադրութիւն չկայ այս պատմութեան մէջ, պէտք չի սրան յուզական ենթախորք հաղորդել”,– նշած է ան։

Լրագրողի մը հարցումին, թէ արդեօք Արարատ լեռան պատկերը պիտի հանուի միայն կնիքէ՞ն, թէ՞ կը քննարկուի նաեւ զինանշանէն հանելու հարցը, Արթուր Յովհաննիսեան պատասխանած է. “Նման քննարկում գոյութիւն չունի”։