ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ – Կրթական տեսլապաշտներու մրցանակ շնորհուած է Ռուբէն Վարդանեանին եւ Վերոնիքա Զոնապենտին

Հայկական կրթական հիմնարկութիւնը (Armenian Educational Foundation) իր 75-ամեակը նշած է Սեպտեմբեր 7-ին, փառաւոր կալայով մը Պեվըրլի Հիլզի (Գալիֆորնիա) «Հիլթոն» պանդոկի շքեղ սրահներուն մէջ։ 

Աւելի քան 600 հոգիի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած երեկոյթին հանգանակուած է 1,2 միլիոն տոլարի մօտ գումար մը ի նպաստ կարիքաւոր հայ ուսանողներու կրթութեան։  

հանդիսաւոր միջացառման ընթացքին Educational Visionaries Award (Կրթական տեսլապաշտներու մրցանակ) շնորհուած է գործարար, բարերար, ներկայիս ապօրինաբար Պաքուի բանտը պահուող Ռուբէն Վարդանեանին եւ անոր կնոջ՝ Վերոնիքա Զոնապենտին՝ որպէս  կրթութեան ապագայի տեսլական ունեցող գործիչներ:

Վերոնիքա Զոնապենտ ներկայ գտնուած է երեկոյթին ու իր եւ ամուսնոյն անունով շնորհակալութիւն յայտնած է գնահատանքին համար:

Իր արտասանած խօսքին մէջ Զոնապենտ ըսած է. “Մեծ պատիւ է այսօր հոս գտնուիլն ու այս հեղինակաւոր մրցանակը Ռուբէնի եւ իմ անունով ստանալը։ Ի հարկէ, պիտի փափաքէի, որ Ռուբէնի հետ  միասին ըլլայինք հոս:

Խորապէս շնորհակալ եմ այսօր ինծի ընձեռուած՝ ձեզի դիմելու կարելիութեան համար։ Հակառակ անոր, որ ես ծնած եմ ռուս-հրեայ ընտանիքի մը երդիքին տակ, ես զիս կը համարեմ ընտրութեամբ հայ”:

Ան ընդգծած է, որ կրթութիւնը միշտ ալ հզօրացման շարժիչ եղած է.
“Գիտելիքն ու արժէքները միակ սեփականութիւններն են, որոնք երբեք չեն կրնար խլուիլ մեզմէ”,– շարունակած է ան։ 

Անդրադառնալով Վարդանեանի ներկայ կալանաւորման՝ Զոնապենտ նկարագրած է անոր անսասան հաւատքը աւելի լաւ աշխարհ մը կառուցելու տեսլականին, որ հիմնուած է կրթութեան, գիտելիքի ու համայնական ուժի վրայ։ Ան հրաւիրած է աշխարհի բոլոր հայերը միանալու, ուսուցանելու, սորվելու եւ իրարու աջակցելու՝ կայունութիւնն ու դասերը յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու համար։