Սեպտեմբեր 16-ին, Հռոմի Սրբազան քահանայապետ Լեւոն 14-րդ՝ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ընդունած է Գասթէլ Կանտոլֆոյի առաքելական պալատին մէջ։
Գլուխ-գլխի զրոյցի ընթացքին Գարեգին Բ. շնորհաւորած է Լեւոն 14-րդը՝ Հռոմի պապ ընտրուելուն եւ անոր 70-րդ տարեդարձին առիթով ու զայն հրաւիրած է Հայաստան։
Ամենայն հայոց կաթողիկոսը նշած է, որ երկու Եկեղեցիներու միջեւ եղբայրական կապերը ամրապնդուած են հանդիպումներու եւ հաւատքի համատեղ վկայութիւններու միջոցով՝ յիշեցնելով երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. պապի այցելութիւնը Հայաստան 2001-ին, ապա 2016-ին երջանկայիշատակ Փրանկիսկոս պապի՝ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալումը «Այց առաջին քրիստոնեայ երկիր» ուխտագնացութեան առիթով: Գարեգին Բ. վստահութիւն յայտնած է, որ երկու Եկեղեցիներու յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն զարգանալ նոյն եղբայրական ոգիով ու ջերմութեամբ։
Զրոյցի ընթացքին հովուապետերը անդրադարձած են նաեւ աշխարհի վրայ պատահող արհաւիրքներուն ու մտահոգիչ զարգացումներուն, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն ու դիմագրաւուող փորձութիւններուն։
Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Հռոմի Սրբազան քահանայապետին ներկայացուցած է Արցախէն բռնի տեղահանուածներու խնդիրները, Արցախի մէջ ոչնչացման վտանգի դէմ-յանդիման հայկական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան, ռազմագերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման հրամայականը։
Ամենայն հայոց կաթողիկոսը այցելած է նաեւ Հռոմի Սուրբ Մարիամ տաճարը, ուր երջանկայիշատակ Փրանկիսկոս պապի շիրիմին առջեւ աղօթած է անոր հոգւոյն հանգստութեան համար։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։