Տաւիտ Վան Վել կը դիմաւորէ Միրզոյեանը
Սեպտեմբեր 17-ին Նետերլանտներ այցի շրջանակին մէջ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է իր պաշտօնակից Տաւիտ Վան Վելի հետ։ Անոնք նախ տեսակցած են առանձին, ապա ընդլայնուած կազմով՝ պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:
Նախարարները քննարկած են երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան խորացման ուղղուած աշխատանքները, միտքեր փոխանակած են աշխուժ քաղաքական երկխօսութեան զուգահեռ տնտեսական համագործակցութեան, գործարար կապերու, ինչպէս նաեւ այլ ոլորտներու մէջ գործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւններուն շուրջ։
Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ Հայաստան շատ կարեւոր կը գնահատէ Նետերլանտներու հետ գործակցութիւնը նաեւ Հայաստան—ԵՄ գործընկերութեան շրջանակին մէջ։
Երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակած են միջազգային ու տարածաշրջանային զարգացումներու շուրջ։ Նախարար Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնելով Ուաշինկթընեան համաձայնութիւններու կապակցութեամբ Նետերլանտներու արտայայտած դրական դիրքորոշման համար, ներկայացուցած է անոնց մանրամասնութիւնները։
Նետերլանտներու Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Վան Վել, Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումէն ետք, X-ի իր հաշիւին հրապարակած գրառումով յայտարարած է, թէ իր երկիրը 14 միլիոն եւրոյի մարդասիրական օժանդակութիւն մը պիտի կատարէ Հայաստանին, Արցախէն բռնի տեղահանուածներու կարիքները հոգալու համար։
Ան գրած է. «Այս այցի (նախարար Միրզոյեանի — «ՆՅ») ընթացքին Նետերլանտներ յայտարարեց Global Concessional Financing Facility գործիքի ﬕջոցով 14 ﬕլիոն եւրօ յատկացում՝ Լեռնային Ղարաբաղէն ապաստանեալները մատչելի բնակարաններով ապահովելու համար»: