Սեպտեմբեր 21-ին կը բացուի «Սրբազան երկխօսութիւն․ Լուվրէն Հայաստանի պատմութեան թանգարան» միջազգային ցուցադրութիւնը

Հայաստանի անկախութեան օրուան տօնական միջոցառումներու շրջանակին մէջ Սեպտեմբեր 21-ին Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ տեղի կ՚ունենայ «Սրբազան երկխօսութիւն Լուվրէն Հայաստանի պատմութեան թանգարան» խորագրով միջազգային ցուցադրութեան բացումը

Նոյն օրը՝ ցուցադրութեան բացումէն առաջ՝ Թանգարանին մէջ տեղի կ՚ունենայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն կը մասնակցին՝ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի, Լուվրի թանգարանի նախագահտնօրէն Լոռանս տէ Գառ, Հայաստանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեան: