ՄԻԵԱ-ի վճիռին համաձայն՝  2008 Մարտ 1-ի իրադարձութիւններուն խախտուած է զոհերու կեանքի իրաւունքը

Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը (ՄԻԵԱ) հրապարակած է Մարտ 1-ի զոհերուն առնչուող՝ «Ֆարմանեանն ու միւսները ընդդէմ Հայաստանի» գործին վճիռը։

Ատեանի գնահատականը, ըստ Սեպտեմբեր 18-ին հրապարակած վճիռին՝ այն է, որ 2008 Մարտ 1-ի իրադարձութիւններուն՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը խախտած է զոհերու կեանքի իրաւունքը։

ՄԻԵԱի վճռին մէջ արձանագրուած է, որ բացի Սամուէլ Յարութիւնեանէն եւ Զաքար Յովհաննիսեանէն, միւս զոհերու պարագային եւս պետութիւնը խախտած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական համաձայնագրի 2-րդ յօդուածը՝ կեանքի իրաւունքը։

Ատեանը կը նշէ նաեւ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները չեն ապահոված ամբողջական քննութիւն զոհերու մահուան հանգամանքները ճշդելու համար, ինչ որ խախտում է վերոնշեալ Համաձայնագրի 38-րդ յօդուածին։

ՄԻԵԱն Հայաստանի կառավարութիւնը կը ստիպէ զոհերու հարազատներուն վճարել 30 հազարական եւրօ՝ որպէս ոչնիւթական վնասի հատուցում, առաւել՝ 35 հազար եւրօ եւս՝ դատական ծախսերուն եւ այլ վճարումներու համար։