Ըստ Մոսկուայի՝ Հայաստան կը մնայ ՀԱՊԿ-ի անդամ՝ անկէ բխող բոլոր պարտաւորութիւններով եւ իրաւունքներով

Ռուսական ԹԱՍՍ գործակալութեան համաձայն՝ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) մաս կազմող երկիրներու առաջին գրասենեակի տնօրէն Միքայէլ Աղասանդեան յայտարարած է, թէ Հայաստան կը մնայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ, սակայն միաժամանակ նկատի կ՚առնուին Երեւանի յայտարարութիւնները, որ սառեցուած է Հայաստանի մասնակցութիւնը Կազմակերպութեան:

Հիմք կ՚ընդունիմ, որ Հայաստան կը մնայ ՀԱՊԿի անդամ՝ անկէ բխող բոլոր պարտաւորութիւններով եւ իրաւունքներով։ Հայաստան ինք պէտք է որոշէ ՀԱՊԿի միջոցառումներուն իր մասնակցութեան ձեւաչափը. ոչինչ կը պարտադրուի: Մենք կ՚ելլենք Հայաստանի ղեկավարութեան արտայայտած դիրքորոշումէն, թէ Երեւանի մասնակցութիւնը Կազմակերպութեան աշխատանքներուն «սառեցուած» է,–նշած է դիւանագէտը:

Աղասանդեանին հարցուցած են նաեւ թէ արդեօք Հայաստան որեւէ յայտարարութիւն կատարա՞ծ է ՀԱՊԿի աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը վերսկսելու մասին, որուն ան պատասխանած է.

Կը կարծեմ՝ ՀԱՊԿի աշխատանքներուն Երեւանի մասնակցութեան մասին հարցումը պէտք է յղել Երեւանին: Դուք գիտէք Հայաստանի պաշտօնական դիրքորոշումը. բազմիցս նշուած է ան։ Առայժմ, որքան որ գիտեմ՝ փոփոխութիւն չկայ։