Հայաստանի պատմութեան թանգարանը առաջին անգամ կը հիւրընկալէ Լուվրի թանգարանի հաւաքածոյէն տասնվեց ուշագրաւ արեւելաքրիստոնէական գլուխգործոց, որոնք կը ցուցադրուին Հայաստանի պատմութեան թանգարանի հարուստ հաւաքածոներէն յատուկ ընտրանիի մը հետ։
Ցուցահանդեսը կը բացուի այսօր՝ Սեպտեմբեր 21-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին։
Ցուցադրութեան համադրողներն են Դաւիթ Պօղոսեան, Նժդեհ Երանեան, Սոնա Յովսէփեան, Մաքսիմիլիէն Տիւրան եւ Գամիյ Շընէ:
Ներկայացուող գլուխգործոցները կը պատկանին լայն աշխարհագրական տարածքի՝ Պուլկարիայէն՝ Եգիպտոս, Կրետէէն՝ Սուրիա եւ կ՚ընդգրկեն 4-րդ դարէն մինչեւ 19-րդ դար երկարող ժամանակաշրջանը. ապակիի եւ փայտարուեստի օրինակներ, քարէ քանդակներ՝ խաչքարեր, ճարտարապետական բեկորներ, ոսկերչական բացառիկ աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ եկեղեցական հանդերձանք, վարագոյրներ, սպասք եւ սրբապատկերներ։
Լուվրի թանգարանէն փոխ առնուած ցուցանմուշներէն են Յովնան մարգարէի պատկերով գործուածքը (4-5-րդ դարեր, Եգիպտոս), խաչի ու ձուկի քանդակը (5-7-րդ դարեր, Եգիպտոս), մասունքներու պահարանը (5-րդ դար, Իտալիա), Գանէի սկիհը (6-7-րդ դարեր, Բիւզանդական կայսրութիւն), արծաթեայ դրուագազարդ ապարանջանը (12-13-րդ դարեր, Բիւզանդական կայսրութիւն), բիւզանդական Աստուածամօր սրբապատկերը (15-րդ դար, Կրետէ), խաչելութեան տեսարանով սրբապատկերը (19-րդ դար, Երուսաղէմ)։ Անոնք կը համադրուին Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ պահուող Դուինի թեւաւոր խաչի (7-րդ դ.), Սեւանի Սուրբ Առաքելոց եկեղեցւոյ փայտէ խոյակներուն (9-րդ դ.), շքեղ փորագրութիւններով դուռին (15-րդ դ.), Անիի բուրվառներէն մէկուն (13-րդ դ.), Բաղէշի Ս. Յովհաննէս վանքի խորանախաչի (1770), Գաւառի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ վարագոյրի (19-րդ դ.) եւ այլ արժէքաւոր ցուցանմուշներու հետ։ Առանձին պիտի ներկայացուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն փոխ առնուած Սուրբ Բարթուղիմէոս առաքեալի մասունքարանը։
Ցուցահանդէսը նպատակ ունի ընդգծելու ո՛չ միայն քրիստոնեայ Արեւելքի իւրաքանչիւր մշակոյթին բնորոշ ինքնատիպ գեղարուեստական արտայայտչաձեւերը, այլեւ անոնց ընդհանուր գիծերը, առնչութիւնները եւ զանոնք միացնող կէտերը։
Այս ցուցահանդէսով սկիզբ կը դրուի Հայաստանի պատմութեան թանգարանի եւ Լուվրի թանգարանի համագործակցութեան նոր ձեւաչափին՝ հիմնուած անցեալ տարի երկու հաստատութիւններու միջեւ կնքվուած յուշագրին վրայ։
Ցուցադրութիւնը կ՚իրականացուի Հայաստանի պատմութեան թանգարանի եւ Փարիզի Լուվրի թանգարանի համագործակցութեամբ, ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան աջակցութեամբ։
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 2026 Մարտ 21։