Վարչապետ Փաշինեան պնդած է, թէ Հայաստանի կնիքներէն Արարատի պատկերին ջնջումը հետեւանք չէ թրքական ճնշումի։ Ան լրագրողներուն հետ զրոյցին յայտարարած է, թէ երկրին մուտքի կամ ելքի կնիքին վրայէն Արարատ լեռան պատկերը վերցնելու որոշումը շրջանառութեան մէջ դրուած է ամիսներ առաջ, երբ դեռ հորիզոնին տեսական կարելիութիւն չկար Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցչի Հայաստան այցին։
“Ընդհանրապէս, Հայաստան—Թուրքիա որեւէ բանակցութեան մէջ նման հարց չի քննարկուել ու չի կարող քննարկուել”,– ըսած է ան։
Վարչապետին համաձայն՝ անվտանգութեան ռազմավարութեան մէջ առանցքային է օրինականութեան գործօնը, երբ հարցը կը վերաբերի ճանչնալու Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը՝ միջազգայնօրէն ընդունուած տարածքով ու սահմաններով։
“Սա անում ենք, որ ապահովենք մեր պետութեան յարատեւութիւնը”,– եզրափակած է Փաշինեան։