Ֆրանսայի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ նշուած է Մուսա լեռան հերոսամարտի 110-ամեակը

Մուսա լեռան հերոսամարտի տարեդարձը, որ աւանդաբար կը նշուի Սեպտեմբերի երկրորդ Կիրակի օրը, այս տարի զուգադիպած է Հայաստանի անկախութեան օրուան հետ:

Հերոսամարտի 110-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի, Ֆրանսայի Ծերակոյտի ՖրանսաՀայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ ԺիլպէրԼիւք Տըվինազ, զինուորականներ ու սփիւռքահայ հասարակական ու մշակութային գործիչներ:

Միջոցառման մասնակիցները նախ ծաղկեպսակ զետեղած ու յարգանքի տուրք մատուցած են Մուսա լեռան հերոսամարտի յուշահամալիրին: Արարողութիւնը սկսած է  Հայաստանի եւ Ֆրանսայի փառերգերով:

ԺիլպէրԼիւք Տըվինազ իր խօսքին մէջ մեծարած է ծովակալ  Լուի Տարթիժ տիւ Ֆուռնէի յիշատակը, դրուատած անոր մարդասիրական ու քաջասիրտ քայլը, որ փրկեց աւելի քան 4.000 հայու կեանք։ 

Իր կարգին, Դեսպան Տըքոթինյի նախ շնորհաւորած է ներկաները Անկախութեան օրուան առթիւ, խորհրդանշական համարած է, որ Մուսա լեռցիներու օգնութեան հասնելու այդ պատմական օրէն110 տարի ետք հայերն ու ֆրանսացիները կրկին քովքովի եկած են հոդ։ Ան եւս մեծարած է  Լուի Տարթիժ տիւ Ֆուռնէի եւ անոր ենթակայ նաւաստիներուն յիշատակը։ Տըքոթինյի ըսած է, որ փրկուած մուսալեռցիներուն թիւը բազմիցս գերազանցող եւ աշխարհի տարբեր անկիւններուն ու Հայաստանի մէջ ապրող անոնց ժառանգներն  են Մուսա լեռան հերոսամարտի կենդանի յիշողութիւնը:

Խօսք առած է նաեւ Արմաւիրի մարզի Փարաքար համայնքի ղեկավար Վոլոդիա Գրիգորեան։

Արարողութեան ընթացքին գործադրուած է գեղարուեստական բաժին մը՝ հայկական ազգագրական, ժողովրդական, ինչպէս նաեւ ֆրանսական երգով ու պարով: