Ֆրանսա պիտի աջակցի Հայաստանին՝ Ֆրանսախօսութեան 2027-ի խաղերուն բարձր մակարդակով կազմակերպման համար

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի տարբեր գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներէ բաղկացած աշխատանքային խումբի անդամներուն հետ՝ Ողիմպիական եւ Փարալիմփիք խաղերու միջնախարարական պատուիրակ ՓիէրԱնթուանՄոլինայիգլխաւորութեամբ։

Այս հանդիպումին նպատակն էր Փարիզ 2024-ի Խաղերու եւ ընդհանրապէս միջազգային մարզական մեծ միջոցառումներու ֆրանսական փորձառութիւնը բաժնել հայկական կողմին հետ, Հայաստանի մէջ 2027-ին տեղի ունենալիք Ֆրանսախօսութեան խաղերուն ընդառաջ:

Արայիկ Յարութիւնեան նշած է, որ իրենց համար այդ փորձառութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի՝ հետագայ աշխատանքները բարձր մակարդակով իրագործելու համար:

ՓիէրԱնթուան Մոլինա ընդգծած է, որ իրենք պատրաստ են տրամադրելու թեքնիք եւ գործնական օժանդակութիւն իրենց հայ գործընկերներուն:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի մէջ խաղերու հեռանկարով ցայժմ կատարուած աշխատանքներուն ու հետագայ քայլերուն։