Էրտողանի ելոյթը ՄԱԿ-ի ամպիոնէն. սուր քննադատութիւն Իսրայէլին, ուղերձ Հայաստանին

ՄԱԿի Ընդհանուր համաժողովի նոր նստաշրջանի (Սեպտեմբեր 22-29) Սեպտեմբեր 23-ին տեղի ունեցած բարձր մակարդակի նիստին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր ելոյթին մէջ  ըրած է շարք մը սուր եւ ուշագրաւ յայտարարութիւններ՝ աշխարհի վրայ տիրող հակամարտութիւններուն, մարդասիրականճգնաժամերունեւհամաշխարհայինկառավարմանհամակարգինմասին։

Անոր ելոյթին առանցքը կազմած են Պաղեստինի պետութեան ճանաչման հրատապութիւնը, Իսրայէլի գործողութիւններու խիստ քննադատութիւնը, բայց նաեւ Հարաւային Կովկասի, ներառեալ՝ հայթրքական յարաբերութիւններուն մէջ առկայ գործընթացներուն անդրադարձը։

«ՀայաստանԹուրքիա գործընթացը կ՚ընթանայ ըստ նախատեսուածին»

Էրտողան յայտարարած է, որ ԹուրքիաՀայաստան  յարաբերութիւններու կարգաւորումը կ՚ընթանայ ըստ նախատեսուածին։

Իր խօսքին մէջ, ան անդրադարձած է նաեւ ԵրեւանՊաքու յարաբերութիւններուն՝ շեշտելով, որ Անգարա սկիզբէն աջակցած է Ազերպայճանի եւ Հալաստանի միջեւ խաղաղութեան ջանքերուն: Էրտողան կարեւոր համարած է Ուաշինկթընի մէջ Օգոստոս 8-ին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, զանոնք նկատելով քայլ մը դէպի կայուն խաղաղութիւն:

Շնորհաւորած է Ալիեւը, Փաշինեանը եւ Թրամփը գործընթացին մէջ ունեցած իրենց ներդրումին համար: