Չինաստանի մէջ ձեռնարկ՝ նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 34-ամեակին

Չինաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը Սեպտեմբեր 22-ին Փեքինի China World պանդոկին մէջ կազմակերպած է  պաշտօնական ընդունելութիւն՝ նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 34-ամեակին:

Միջոցառումին ներկայ եղած են «Իմ քայլը» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն, Հայաստանի վարչապետի կինը Աննա Յակոբեան, Չինաստանի տարբեր գերատեսչութիւններ ներկայացնող պաշտօնեաներ, Փեքինի մէջ հաւատարմագրուած շարք մը երկիրներու դեսպաններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, դիւանագէտներ եւ Չինաստանի հասարակական կեանքի տարբեր ասպարէզներու ներկայացուցիչներ, Չինաստան ապրող կամ հոն ուսանող հայեր:

Չինական կողմէն որպէս պատուոյ հիւր մասնակցած է Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան տեղակալ Լիւ Պին։

Շնորհաւորելով տօնին առթիւ՝ Հայաստանի դեսպան Վահէ Գէորգեան նշած է, որ փոխակերպուող միջազգային յարաբերութիւններու պայմաններուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ազգային պետականութեան ամրապնդման համար որդեգրած է կապերու բազմազանացման եւ հաւասրակշռման արտաքին քաղաքականութիւն` առաջնորդուելով միջազգային յարաբերութիւններու հիմնական սկզբունքներով եւ տարածաշրջանին ու ընդհանրապէս աշխարհի մէջ խաղաղ համակեցութեան տեսլականով:

Անդրադարձ կատարելով վարչապետ Փաշինեանի եւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի միջեւ Թիենծին քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի բարձրացնելու վերաբերեալ յայտարարութեան՝ դեսպանը ընդգծած է, որ ան կը վկայէ թէ՛ հայչինական գործընկերութեան ընդլայնուող օրակարգին, թէ՛ ալ առանցքային հարցերու մէջ փոխադարձ ամուր աջակցութեան մասին:

Դեսպանը նշեալ յայտարարութենէն առանձնապէս ընդգծած է «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւններուն մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Լիւ Պին ալ իր ելոյթին մէջ ջերմօրէն շնորհաւորած է Հայաստանի անկախութեան տօնը՝ ընդգծելով, որ Չինաստան որպէս լաւ բարեկամ եւ գործընկեր, անկեղծօրէն ուրախ է Հայաստանի արձանագրած յառաջընթացով: