ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – Դէպի 4-րդ հանրապետութիւն

Անկախու­թեան տօ­նին առ­թիւ վար­չա­պետ Փա­շինեանի ու­ղերձին մէջ յատ­կանշա­կան էր 4-րդ Հան­րա­պետու­թեան հռչա­կման յի­շատա­կու­մը, որ պի­տի բա­նայ խա­ղաղու­թեան դա­րաշրջան։ 3-րդ Հան­րա­պետու­թեան առա­ջին օրէն պա­տերազ­մ տի­րած է երկրին մէջ։ Ըստ վար­չա­պետին՝ Օգոս­տո­ս 8-էն ար­դէն Հա­յաս­տան թե­ւակո­խած է խա­ղաղու­թեան դա­րաշրջան։ Նա­խագահ Խա­չատ­ուրեան եւս իր ու­ղերձին մէջ շեշ­տեց խա­ղաղու­թիւն ձեռք բե­րելու անհրա­ժեշ­տութիւ­նը։

Այս բո­լորին մէջ սա­կայն, սար­սա­փելի է Հա­յաս­տա­նի առա­ջին նա­խագահ Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեանի գրա­ռու­մը, որ ի շարս բազ­մա­թիւ վար­կաբեկիչ ամ­բաստա­նու­թիւննե­րու վար­չա­պետ Փա­շին­եանը կը դա­սէ հա­յոց պատ­մու­թեան դա­ւաճան­նե­րու շարքին. «Հաս­տա­տաբար կա­րելի է ար­ձա­նա­գ­րել միայն մէկ բան. Փա­շինեանն ար­դէն իսկ իրպա­տուա­ւորտեղն է ապա­հովել հա­յոց տխրահռչակ դա­ւաճան­նե­րի յու­շա­տախ­տա­կում՝ Մե­րու­ժան Արծրու­նու, Վա­հան Մա­միկոն­եա­նի, Վա­սակ Սիւ­նու, Մե­լիք Շահ­նա­զարի եւ Մե­լիք Ֆրան­գիւլի կող­քին»։

Որ­քանո՞վ ար­դա­րանա­լի է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան առա­ջին նա­խագա­հին կողմէ նման յայ­տա­րարու­թիւն՝ 3-րդ Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ ժո­ղովրդա­վար պայ­ման­նե­րու տակ, ընտրու­թիւննե­րով վար­չա­պետ դար­ձած պե­տական դէմքի հասցէին։ Զզուելի է Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­կան խօ­սոյ­թը բան­տարկել «դա­ւաճա­նական» մտայ­նութեան մա­կար­դա­կին, մա­նաւանդ երբ այդ կը կատարուի Հա­յաս­տա­նի առա­ջին նա­խագա­հի նման պե­տական դէմ­քի մը կող­մէ, որ վեր­ջա­պէս մտա­ւորա­կան անձնա­ւորու­թիւն է, որ դժբախտ քա­ղաքա­կան ան­ցեալ մը ու­նե­ցած է Ար­ցա­խեան կնճի­ռի լու­ծումին հա­մար իր յան­դուգն դիր­քո­րոշումնե­րուն պատ­ճա­ռով, որ այն ժա­մանա­կուան ու­ժա­յին կա­ռոյցնե­րու տէր պե­տական մար­դոց,– որոնց կար­գին էին՝ Ռո­բերտ Քո­չարեան եւ Սերժ Սարգսեան,– սպառ­նա­լիքին տակ ստի­պուած եղած է հրա­ժա­րելու նա­խագա­հի պաշ­տօ­նէն։ Եւ այ­սօր Լեւոն ՏէրՊետրոսեան ի՛նք կ՚օգ­տա­գոր­ծէ զինք հա­լածած նա­խագահ­նե­րուն բա­ռապա­շարը, ամ­բաստա­նելու համար ան­ցեալի իր զի­նակի­ցը՝ Փա­շին­եա­նը։

Պէտք է հասկնալ թէ ի՞նչ է Լեւոն ՏէրՊետրոսեանի «փո­րացա­ւ»-ը, ի՞նչ է անոր չխոս­տո­վանած քա­ղաքա­կան նպա­տակը։ Ինքզինք ան­ջա­տե՞լ Փա­շինեանի վա­րած խա­ղա­ղու­թեան քա­ղաքա­կանու­թե­նէն, որ պարտադրուած է 2020-ի պար­տութեամբ։ 2018-ի թաւ­շեայ յե­ղափո­խու­թե­նէն ետք՝ Լեւոն ՏէրՊետրոսեան ան­դա­դար յոր­դո­րած էր Փա­շինեանը բա­նակ­ցութիւններ վա­րելու Ազեր­պայճա­նի հետ, խա­ղաղու­թիւն կնքե­լու համար։ Նոյն յոր­դո­րը կա­տարած էր ան­ցեալին Ռո­բերտ Քո­չարեանին ու Սերժ Սարգսեանին, բայց վեր­ջիններս չէին լսած զինք, ինչպէս որ չլսեց նաեւ ներ­կայի վար­չա­պետը։

Բայց ար­դեօք այս փաս­տարկը բա­ւարա՞ր պատ­ճառ է Փա­շինեանը ազ­գա­յին դա­ւաճան հա­մարե­լու հա­մար։ Հան­րա­պետու­թեան առա­ջին նա­խագա­հը լաւ գի­տէ թէ գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան ղե­կավա­րը բա­ցար­ձակ իշ­խա­նու­թիւն չու­նի, մա­՛նաւանդ Հա­յաս­տա­նի մէջ. թէ՛ ոս­տի­կանա­կան ու­ժե­րու եւ թէ՛ բա­նակի նա­խարա­րու­թիւննե­րը խիստ կա­խեալ էին Ռու­սա­ստանի իրենց գոր­ծընկեր­նե­րէն։ Նոյնը նաեւ ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թեան պարագային։ Նոյ­նիսկ ինք՝ Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեան զոհ գա­ցած է այդ իրա­վիճա­կին՝ երբ նա­խագահ էր. ան չէր կրցած պար­տադրել իր քա­ղաքա­կանու­թիւ­նը եւ ստի­պուած եղած էր հրա­ժարե­լու։

Այս բո­լորով հան­դերձ, Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւնը կը ձե­ւաւո­րուի ընտրու­թիւն­նե­րու մի­ջոցով, նա­խընտ­րա­բար ազատ ու ան­կախ։ Որ­քանո՞վ ար­դար է ու պար­կեշտ ան­ցեալ ընտրու­թիւննե­րուն քո­ւէնե­րու 1,54 տո­կոսը ստա­ցած նա­խագահ Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեանի կող­մէ ամ­բաստա­նու­թիւն մը, որ կը խախ­տէ երկրին արդէն քա­ղաքա­կան փխրուն կա­յու­նութիւնը։ Աւե­լի ճիշդ պի­տի ըլ­լար՝ ան­ցեալի իր փառ­քի բարձրու­թեան վրայ մնար ու ան­տե­ղի զրպար­տիչ ամ­բաստա­նու­թիւններ չը­նէր։

3-րդ Հան­­րա­­­պետու­­թեան օրօք Հա­­յաս­­տա­­­նի անվտան­­գութիւ­­նը խարսխուած էր ռազ­­մա­­­վարա­կան դաշ­նա­կից Ռու­սաստա­նի ռազ­մա­կան պաշտպա­նու­թեան վրայ, որու վախ­ճա­նը ար­ձա­նագ­րուեցաւ 2020-ի 44-օրեայ պա­տերազ­մի աւար­տին։ Այն օրէն սկսեալ հիմ­քը դրուեցաւ 4-րդ Հան­րա­պետու­թեան, որ կը վա­րէ բազ­մա­բեւեռ ռազ­մա­վարա­կան քա­ղաքա­կանու­թիւն, առանց Ռու­սաստա­նի հետ խզե­լու գոր­ծընկե­րու­թիւնը։ Լե­­ւոն Տէր Պետ­­րո­­­սեան շատ ճիշդ կան­խա­տեսումներ կա­տարած է ան­ցեալին, մա՛նա­ւանդ ինչ կը վե­րաբե­րի Ար­ցա­խեան հար­ցին լճաց­ման (սթա­թուս քուօ) հայ­կա­կան կող­մին նպաս­տա­ւոր չըլ­լա­լու մասին նախազգուշացումներուն։ Հա­յաս­տա­նի բո­լոր ղե­կավար­նե­րը գոր­ծած են ճա­կատագ­րա­կան սխալ­ներ։ Բո­լորն ալ «դա­ւաճան» անուանուած են ընդդի­մա­դիր ճա­կատին կող­մէ։ Ժա­մանա­կը հա­սած է այդ ան­տե­ղի յոր­ջորջումնե­րու էջը փա­կելու եւ ար­դար ծրագ­րա­յին քա­ղաքա­կան պայ­քար մղե­լու իշ­խա­նու­թեան տի­րանա­լու համար։

Ժ.Չ.