ՆԻՒ ԵՈՐՔ – Նա­խագահ Խա­չատու­րեանի հան­դի­պու­մը Կոս­տանդնու­պոլսոյ տիեզե­րական պատ­րիարք Բար­թուղի­մէոս Առաջինի հետ

Նիւ Եորք կա­­տարած աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին այ­­ցի շրջա­­նակին մէջ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան նա­­խագահ Վա­­հագն Խա­­չատու­­րեան հան­­դի­­­պում ու­­նե­­­ցած է Կոս­­տանդնու­­պոլսոյ տիեզե­­րական պատ­­րիարք Բար­­թուղի­­մէոս Առա­­ջինի հետ։

Հան­­դիպման ըն­­թացքին քննար­­կուած են քրիս­­տո­­­նէական մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան պահ­­պա­­­նու­­թեան մէջ հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան կա­­րելիու­­թիւննե­­րը։

Կող­­մե­­­րը շեշ­­տած են հա­­մամարդկա­­յին նշա­­նակու­­թիւն ու­­նե­­­ցող մշա­­կու­­թա­­­յին ար­­ժէքնե­­րու պաշտպա­­նու­­թեան կա­­րեւո­­րու­­թիւնը։

Նա­­խագահ Խա­­չատու­­րեան ու­­նե­­­ցած է ու­­րիշ շարք մը հան­­դի­­­պումներ, ինչպէս՝ Իրա­­քի նա­­խագա­­հին հետ, բայց անոր տե­­սակ­­ցութիւննե­­րը գլխա­­ւորա­­բար կեդ­­րո­­­նա­ցած են վե­­րանո­­րոգե­­լի ու­­ժա­­­նիւ­­թի, ար­­հես­տա­-

գի­տու­­թիւն­նե­­րու, նո­րարար տնտե­սու­թիւն­նե­րու բնա­­գա­ւառ­­նե­­­րու հա­­մաշ­­խար­հա­­յին մե­­ծագոյն ըն­­կե­­­րու­­թիւն­նե­­րու հետ հա­­մագոր­­ծակցու­­թիւն ձեռք բե­­րե­լու նպա­­տակին վրայ եւ այս շրջա­­նա­կին մէջ բա­­նակ­­ցու­թիւն­ներ ու­­նե­­­ցած է բազ­­մա­­­թիւ «մեծ»-երու պա­­տաս­­խա­­­նատու­­նե­­­րու հետ, ինչպէս՝ Amazon-ի, Libra Group-ի, ServiceNow-ի…։

Նա­­խագա­­հը մաս­­նակցած է նաեւ Հա­­յաս­­տա­­­նի Ան­­կա­­­խու­­թեան օրուան առի­­թով ՄԱԿ-ի մէջ Հա­­յաս­­տա­­­նի ներ­­կա­­­յացուցչու­­թեան կազ­­մա­­­կեր­­պած ըն­­դունե­­լու­­թեան։